Անդրսահմանային ջրային պաշարներու կառավարման հարցին մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պաշտօնական գործակցութիւն չկայ: «Սփութնիք» գործակալութեան հայկական ծառայութեան հարցումին իբրեւ պատասխան՝ այս հաստատումը կատարուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` մեկնաբանելով այս մասին Պաքուի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարք Լիպպի վերջին յայտարարութիւնը:
«Այս թեմայով շփումները եղել են միայն երկու երկրների հասարակական կազմակերպութիւնների մակարդակով», նշեցին նախարարութենէն:
Լիպպի նախորդ օրերուն յայտարարեց տարածաշրջանի սահմանային գետերու ջրային պաշարներու համարկուած կառավարման համակարգի մը հաստատման ուղղութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միացեալ աշխատանքին մասին: