
Երկօրեայ նիստերէ ետք, ՀՄԸՄի միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ:
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ ՀՄԸՄի Արցախի վարչութիւններուն եւ միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովին մասնակցողներուն:
Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ, ՀՄԸՄի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան: Ապա, բոլորը ուղղուեցան անմար կրակին շուրջ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին եւ Տէրունական աղօթքով հրաժեշտ տուին հայութեան սրբավայրին:

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, ՀՄԸՄի բազմանդամ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր ներկայ գտնուեցաւ պատարագի եւ մահացած ու նահատակուած ՀՄԸՄականներու յիշատակին յատկապէս կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Նախքան հոգեհանգիստը, Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան ներկայ հաւատացեալներուն կարճ խօսքով մը ծանօթացուց ՀՄԸՄը եւ անոր 106 տարիներու մարդանուէր ու հայանուէր առաքելութիւնը: Ապա, բոլորը իրենց աղօթքներով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին այն ՀՄԸՄականներուն համար, որոնք այս աշխարհէն հեռացան միութեան եւ ազգին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած ըլլալու խիղճի հանգստութեամբ:
ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿի 35ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐ
ՀՄԸՄի միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովի պատուիրակութիւնները Շաբաթ, 16 Նոյեմբերի երեկոյեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեակի ճաշկերոյթին, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ ՀՄԸՄի բարեկամներ ու բարերարներ, ընդամէնը` 250 հոգի:


Ճաշկերոյթին պաշտօնական բաժինով ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեայ երթը ներկայացնող տեսանիւթ մը: Յոբելեար շրջանին անունով խօսք արտասանեց ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով` Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով` Վիգէն Աւագեան:


Այս առիթով տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի 35ամեայ երթին մէջ մեծ ներդրում ունեցած վաստակաշատ միութենականներու պարգեւատրում: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի «Ոսկէ շուշանածաղիկ» շքանշանին արժանացան եղբայրներ Էմիլ Մաղաքեան (ի բացակայութեան) եւ Պերճ Թիւֆէնկճեան: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի «Վարդան Բախշեան» շքանշանը շնորհուեցաւ նահատակին գործակից, ՀՄԸՄի Հայաստանի վերընձիւղման առաջին սերունդի անդամներէն Բագրատ Եսայեանի: Շքանշանը յանձնեց նահատակ Վարդանին մայրը` Այտա Բախշեան: ՀՄԸՄի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացաւ Դաւիթ Յակոբեան, իսկ միութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին տիրացաւ Օշին Փիրումեան: «Արժանեաց» շքանշանը յանձնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան:


Ճաշկերոյթին հատուեցաւ 35ամեակի կարկանդակը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը: