
ԳՐԵԹԷ ԱՄԲՈՂՋ ՈՒԺԱՅԻՆ ԿԱԶՄԸ ԱՌԱՆՑ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՄՆԱՑԱԾ Է
18 Նոյեմբերին, Հայաստանի քաղաքական կեանքը յատկանշուեցաւ մէկ օրուան ընթացքին իրերայաջորդ 6 հրաժարականներով։
Արդարեւ, իրենց պաշտօններէն հրաժարեցան ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան, Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան եւ Տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ հրաժարականներու մասին լուրերէն միայն 12 ժամեր ետք, ալեկոծած կիրքերը Վատիկանէն շտապեց հանգստացնել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ բացատրելով, որ ինք խնդրած է շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներէ հեռանալ իրենց վարած պաշտօններէն: Շնորհակալութիւն յայտնելով իր խնդրանքին ըմբռնումով մօտենալնուն համար, Փաշինեան վստահեցուց, որ պաշտօնանկութիւնները «անձնաւորուած չեն, այլ՝ համակարգային»:
Մինչ այս Փաշինեան այդ պաշտօնատարներուն աշխատանքէն անուանական եւ հրապարակային երբեք չէ դժգոհած:
Թէեւ Փաշինեան պնդեց, որ ի՛նք խնդրած է պաշտօնատարներէն հրաժարական տալ, Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեան իր հրաժեշտի ուղերձը սկսաւ այսպէս. «Եկել է պահը յայտնելու ձեզ` Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնից հրաժարուելու` իմ կայացրած որոշման մասին: Այն բխում է իրաւապահ համակարգի գործունէութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակից ածանցուող ներքին վերագնահատումներից»:
Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան, Հակափտածութեան կոմիտէի նախագահ Սասուն Խաչատրեան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան իրենց հրաժարականի պատճառին չանդրադարձան։
Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Կարէն Անդրէասեան, թէեւ մէկ ամիս առաջ յայտնած էր, որ հրաժարական պիտի չտայ, հրաժարեցաւ եւ իր պաշտօնավարութեան շուրջ 2 տարիները որակեց թունաւոր:
Տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեան` պնդեց, որ «հեռանում է հանգիստ ու խաղաղ, քանի որ իրենից յետոյ թողնում է հսկայածաւալ աշխատանք»:
Փաշինեան կառավարութեան նախորդ նիստին ըսաւ, որ իր համբերութեան գաւաթը լեցուած է՝ խօսքը ուղղելով յատկապէս ուժային կառոյցներուն եւ դատաիրաւական ոլորտի պաշտօնեաներուն` խօսելով երկրին մէջ յանցաւորութեան վիճակին, փտածութեան, դատաիրաւական ոլորտին մէջ չերեւացող արդիւնքներուն մասին: Սակայն յստակ չէ, թէ ի՛նչ է տարածքային կառավարման նախարար Գնել Սանոսեանի պաշտօնանկութեան դրդապատճառը: