Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վատիկանի մէջ առանձնազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսիս պապի հետ:
Վարչապետին աշխատակազմը յայտնեց, որ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին՝ Վատիկանի կողմէ հայ գերիները ազատ արձակելու գծով շարունակական ջանքերուն համար: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ ըսաւ, որ իրեն համար մեծ պատիւ է առաջին անգամ գտնուիլ Առաքելական պալատին մէջ:
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ բարձր եւ բարձրագոյն մակարդակով շարունակուող փոխայցելութիւնները կը փաստեն, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յատուկ միջպետական յարաբերութիւններ կան։ Ան յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Առաքելական նուիրակի նշանակումը զգալի յառաջընթաց պիտի ըլլայ բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ:
Փաշինեան նոյն ատեն ընդգծեց Հայաստանի ամբողջական աջակցութիւնը Վատիկանին` միջազգային հարթակներու վրայ խաղաղութեան օրակարգին սպասարկման եւ այս ուղղութեամբ համատեղ հանդէս գալու եւ գործելու հարցով:
Փաշինեան Ֆրանսիս պապը տեղեակ պահեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի վերջին զարգացումներուն մասին եւ վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վճռական է յանուն խաղաղութեան իր բաժին ներդրումը ունենալու:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: