Դատարանը որոշեց Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը եւ Ռոբերտ Քոչարեանը ձերբակալել` յաջորդ նիստին անոնց մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով:
15 Նոյեմբերին, Ռոբերտ Քոչարեան, Սէյրան Օհանեան եւ Եուրի Խաչատուրով չներկայացան հակափտածութեան քրէական դատարանը: Ըստ անոնց պաշտպաններուն՝ այս բոլորին պատճառը այն է, որ անոնք պարզաբանում չեն ստացած, թէ ի՛նչ յօդուածով կը մեղադրուին:
Փաստաբան Արամ Վարդեւանեան յայտնեց, որ ստացած է ծանուցագիր մը, որուն մէջ չէ յիշատակուած «մեղադրեալ Ռոբերտ Քոչարեան» բառակապակցութիւնը: Ան յիշեցուց, որ նախորդ նիստին դատարանը նոյնիսկ արձագանգեց, որ «Ռոբերտ Քոչարեանին դիմելիս չի օգտագործում մեղադրեալ եզրոյթը»:
Ըստ անոր եւ միւս փաստաբաններուն հաստատումին՝ Քոչարեան եւ Օհանեան չեն կրնար մեղադրեալի կարգավիճակ ունենալ:
Յիշեցնենք, որ Վճռաբեկ դատարանը բեկանած է Ռոբերտ Քոչարեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ միւսներուն գործը կարճելու որոշումը. Հակափտածութեան դատարանը գործը դարձեալ կը քննէ: