Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով մեկնաբանեց մինչեւ տարեվերջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հաւանականութիւնը` նշելով, որ բանակցային գործընթացը բաղկացած է երկու բաղադրիչներէ:
Ան ընդգծեց դէմ դիմաց կապերու կարեւորութիւնը եւ պայմանագիրին շուրջ աշխատանքներուն շարունակութիւնը:
«Դէմ դիմաց շփումը կարեւոր է: Ներկայիս ատրպէյճանական պատուիրակութեան հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է ՔՈՓի շուրջ: Այդ պատճառով մինչեւ Դեկտեմբեր կարելի չէ հերթական դէմ դիմաց հանդիպում ունենալ: Դեկտեմբեր, թէ Յունուար, այլ հարց է. այս հարցով տակաւին յստակ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Բացի դէմ դիմաց հանդիպումներէն, փաստաթուղթի շուրջ աշխատանքները եւս կը շարունակուին», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Պայրամով, որ նաեւ արձագանգեց նախորդ օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կատարած յայտարարութեան՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հարցը նոր թեմա չէ։
Յիշեցնենք, թէ Քազանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, Փաշինեան խորհրդարանին մէջ յատկապէս յայտարարած էր, որ տարածաշրջանային հաղորդուղիներու բացման հարցով Հայաստան եւ Ատրպէյճանը կրնան ունենալ փոխադարձ ընդունելի լուծում մը, եւ որ առաջարկը Երեւանը գրաւոր փոխանցած է Պաքուին:
Վկայակոչելով 2020ի եռակողմ յայտարարութիւնը` Պայրամով ըսաւ, թէ այդ յայտարարութեան մէջ կը նշուին Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Երեքուկէս տարիներու քննարկումներէ ետք, «համաձայնութիւն ձեռք բերուած է» արտայայտութիւնը կը նկատենք ուշացած: Այդ պայմանաւորուածութիւնը շատոնց պէտք է ձեռք բերուած ըլլար: Եթէ այս հարցին մէջ տակաւին պաշտօնական փաստաթուղթ չկայ, եթէ Հայաստան այս ուղղութեամբ աշխատանքներու չէ սկսած, ուրեմն տակաւին առկախ հարցեր կան: Իսկ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր արագ թափով աշխատանքներ կ՛ընթանան հաղորդակցութեան ուղիներու ենթակառոյցներու կառուցման ուղղութեամբ, եւ անիկա շուտով պիտի հասցուի Հայաստանի հետ սահմանին», ըսաւ Պայրամով:
Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ ապաշրջափակման հարցին գծով առաջարկները Երեւան Պաքուին ուղարկած է Քազանի բանակցութիւններէն ետք եւ այժմ կը սպասէ արձագանգի:
Խանդանեան առաջարկները չբացայայտեց, բայց ըսաւ, որ Հայաստանի համար սկզբունքային հարցերը կը շարունակեն մնալ գերիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգումը: