Ազգային ժողովի յանձնաժողովներու միացեալ նիստին՝ 2025ի պետական պիւտճէին մասին օրէնքի նախագիծի նախնական քննարկումներուն ընթացքին, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ուղղած է Եւրոպական Միութեան օդային «սեւ ցանկ»ին վրայ յայտնուելու պատճառ դարձած 41 թերութիւններէն 40ը, իսկ վերջին թերութեան ուղղումը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել ընթացիկ տարուան Դեկտեմբերին:
Ան բացատրեց, որ վերջին թերութիւնը կը վերաբերի տեսուչներու եւ մասնագէտներու պակասին: «Պակասի մի մասը լրացուել է, իսկ եւս մի քանի մասնագէտ այժմ վերապատրաստման փուլում են, որը կ՛աւարտուի Դեկտեմբերի կէսերին», ըսաւ Սանոսեան։
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան Հոկտեմբերին արդէն դիմեց Եւրոպական Միութեան օդային գործընկերներուն` սկսելու այն աշխատանքային ծրագիրին, որմով Հայաստանի օդանաւորդութիւնը դուրս պիտի գայ «սեւ ցանկ»էն: Ան տեղեկացուց, որ 13 Նոյեմբերին նախատեսուած է տեսակապով խորհրդակցութիւն մը եւրոպացի գործընկերներու հետ, որպէսզի կազմուի ճամբու քարտէսը՝ Հայաստանը այդ ցանկէն դուրս բերելու գծով։
«Շատ յոյս ունեմ, որ մենք խնդիրները վերացրել ենք` հաշուի առնելով նաեւ այն, որ այս տարի Հայաստանում անց է կացուել ԻԿԱՕի (Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւն) աուդիտը (հաշուեքննութիւնը), որը բարձր վարկանիշ ունեցող միջազգային մարմին է: Աուդիտի արդիւնքները ցոյց տուեցին, որ մենք բազմաթիւ թերութիւններ վերացրել ենք», նշեց Սանոսեան։
Ըստ անոր՝ ապագային, եւրոպացի գործընկերները պիտի այցելեն Հայաստան` համապատասխան ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար: