Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Պաքուի բանտին մէջ այցելեցին Արցախի նախկին քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներուն:
Այս մասին յայտարարեց Կարմիր Խաչի Պաքուի գրասենեակի հանրային կապերու պատասխանատուն` նշելով, որ հանդիպման ընթացքին բանտարկուած գործիչներուն հետ դէմ առ դէմ հանդիպումներ կազմակերպուեցան, անոնց համար «հարազատներուն հետ կապ հաստատելու կարելիութիւն ստեղծուեցաւ»:
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Արցախի նախկին ղեկավարներուն այցելած էին անցեալ Հոկտեմբերին: