Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ճիշդ չի նկատեր Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք Կլիմայի վեհաժողովին Հայաստանի մասնակցութիւնը, եթէ գերիները չվերադարձուին։
«Ես չեմ կարծում, որ նման քննարկման պարագայում, երբ կայ հնարաւորութիւն գերի վերադարձնելու, մենք պէտք է յապաղենք եւ չգնանք նման քայլի, բայց կ՛ապրենք, կը տեսնենք», լրագրողներու ըսաւ Սիմոնեան՝ իբրեւ պատասխան այն հարցումին, թէ գերիներուն վերադարձը պիտի նպաստէ՞, որ Հայաստան ընդունի ՔՈՓ29-ի հրաւէրը:
Քանի մը օրեր առաջ, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնած էր, որ ՔՈՓ29-ի ժողովին՝ Երեւանի մասնակցութիւնը չէ հաստատուած։
Հայաստանեան մամուլը կը յայտնէ, թէ Միրզոյեան կրնայ Պաքու մեկնիլ մէկ պայմանով՝ Ատրպէյճան Հայաստանին գերիները վերադարձնէ:
Սիմոնեան նաեւ յայտնեց որ բացառուած չէ տարածաշրջանային երթուղիներու ապաշրջափակման հարցին Երեւանի ու Պաքուի միջեւ երկկողմ ձեւաչափով քննարկումը` փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ: Սիմոնեան այլ մանրամասնութիւններ չյայտնեց` հարկ նկատելով միայն ընդգծել հետեւեալը. «Ամէն ինչ հնարաւոր է, ես պէտք է ասեմ, որ մենք փոքր, շատ փոքր քայլերով երկկողմ շարժւում ենք դէպի դրական արդիւնք, եւ իւրաքանչիւր բան հնարաւոր է»: