ՌՈՒԲԻՆԱ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 27 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի տարեկան մշակութային ձեռնարկը «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ։ Ինչպէս միշտ, մշակութասէր հոծ բազմութիւն մը անհամբեր կը սպասէր այս հանդիսութեան։
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներուն կատարումէն ետք, վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տեսիլ Տէր Աբրահամեան։ Ապա, վարչութեան ատենապետուհի Լենա Մանուկեան ընթերցեց մասնաճիւղի նախկին ընկեր ողբացեալ Յարութիւն Իսհակի կենսագրական գիծերը եւ անդրադարձաւ անոր աշխոյժ գործունէութեան ՝յատկապէս թատերական ներկայացումներու ընթացքին անոր տաղանդաւոր դերակատարումներուն, նշելով ընկերոջ տարիներու կամաւոր ներդրումը։
Սրահին մէկ անկիւնը զարդարուած էր գեղեցիկ գեղանկարչութիւններով, որոնք նուիրուած էին Համազգայինի բարեկամի մը կողմէ եւ 3 գեղեցիկ փայտէ քանդակներ՝ բազմավաստակ քանդակագործ Վարուժան Մարտիրեանի ձեռքի աշխատանքներէն։
Արուեստագէտ Վարուժան Մարտիրեան բնակութիւն հաստատած էր Սան Ֆրանսիսքօ։ Անոր մահէն ետք, անոր տիկնոջ եւ դուստրերուն փափաքով, իր իսկ ձեռքով կառուցած տունը Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ իր բազմատեսակ քանդակներով միասին ընտանիքը նուիրեց Այնճարի քաղաքապետարանին, զայն վերածելով «Վարուժան Մարտիրեան տուն թանգարան»ի, որուն բացումը կատարուեցաւ Սեպտեմբեր 2024ին, Այնճարի 85ամեակին առիթով։
Նայիրի Մահսէրէճեան ներկայացուց քանդակագործ Մարտիրեանի կենսագրականը եւ տուն թանգարանի բացման հանդիսութեան նկարները։
Այս տարուան մշակութային յայտագիրին մաս կը կազմէին Համազգայինի «Ֆորում 2024» ուսանողական հաւաքին մասին վկայութիւններ ուսանող Նարէ Չանեանի կողմէ, որ մասնակցած էր «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեամբ։ Նարէն հետաքրքրական նկարներով իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց այս ծրագիրին: «Այս այցելութիւնը տարբեր փորձառութիւն մըն էր, երբ աշխարհի այլ երկիրներէ համախմբուած էինք իբրեւ Համազգայինի մէկ ընտանիք, մշակելով նոր ընկերներ», ըսաւ ան։


Յայտագրի գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Արմէն Սարգիսեան դաշնամուրի վրայ կատարելով Առնօ Բաբաջանեանի «Հումորեսկ»ը, ի յօրինած Prelude in D flat Major-ը եւ Արամ Խաչատուրեանի Toccata-ն։
Ներսիկ Իսպիրեանի «Տուն Իմ Հայրենի» եւ «Պիտի Պաշտպանեմ» հայրենասիրական երգերով՝ Տանիէլ Ծառուկեան իր քնքոյշ ձայնով հմայեց ներկաները։
Այս տարուան մշակութային օրուան տօնակատարութիւնը դարձեալ ճոխ էր իր այլազանութեամբ եւ յատկապէս հայկական տարազներու ցուցադրութեամբ։ 25 անձերէ բաղկացած տարբեր տարիքի կամաւորներ մեծ սիրով եւ խանդավառութեամբ ներկայացուցին հայկական զանազան շրջաններու տոհմիկ, գունագեղ եւ իւրայատուկ տարազներ, 4րդ եւ 5րդ դարէն սկսեալ, արժանանալով բարձր ծափահարութիւններու։
Տարազներու բացատրութիւնները ընթերցեց Կարինէ Փանոսեան, իսկ երաժշտութեան համադրումը կատարեց Սագօ Փանոսեան։
Տարազներու բացառիկ ցուցադրութեան աւարտէն ետք, Գարին Ենիգոմշեանի առաջնորդութեամբ ներկաները միասնաբար խմբերգեցին տոհմիկ հայկական երգեր, որոնցմէ յիշենք՝ «Ալ Այլուղդ», «Երեւան Էրեբունի» եւ «Նուպար» հաճելի եզրափակում մը տալու եւ միաժամանակ վերյիշելու մեր երգերը։
Համազգայինի Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան 5 ընկերուհիները միասնաբար հակիրճ փակման խօսք արտասանեցին՝ յայտնելով, թէ սիրայօժար կերպով կը շարունակեն ծառայել Համազգայինի աւանդին եւ մեր հարուստ մշակոյթի պահպանումը։
Ձեռնարկէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը հաճելի եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ։ Ներկաները, ինչպէս միշտ, բարձր գնահատեցին Համազգայինի բծախնդիր եւ վայելուչ կազմակերպչական գործունէութիւնը։
Յատուկ երախտագիտական խօսք այս ձեռնարկի նուիրատուներուն եւ լուսանկարիչ Յակոբ Իսթամպուլեանին, որ իր նկարներով անմահացուց հանդիսութիւնը։