«Հըզպալլա»ն շարունակեց հարուածել իսրայէլեան ուժերու հաւաքուած վայրերը եւ ռազմակայանները, ինչպէս նաեւ դէմ դնել անոնց հարաւային Լիբանանի մէջ յառաջանալու փորձերուն:
Իսրայէլեան «Մերքաւա» հրասայլ մը ստացաւ Ուղղակի հարուած մը եւ դարձաւ հրոյ ճարակ. անոր անձնակազմին մէջ արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաստատեց, որ հրթիռներ ինկած են Հայֆայի ծոցին մէջ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն արձակուած անօդաչու թռչող սարք մը ինկաւ Հայֆայի մէջ:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակում գործեց Շաքրայի մէջ բնակարանի մը վրայ, ինչպէս նաեւ Եահունի մէջ լիբանանեան բանակին անցարգելին մօտ ինքնաշարժի մը վրայ:
Իսրայէլ նաեւ շարունակեց բազմաթիւ յարձակումներ գործել Պաալպեքի վրայ, ինչպէս նաեւ հարուածեց Սուրիոյ սահմանամերձ Հաուշ գիւղը:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը սկսած է ամրապնդել Լիբանանի հետ սահմանակից շարք մը գիւղերու շէնքերը եւ պաշտպանութիւնը: Նոյն կայանը աւելցուց, որ ամրապնդումը կը ներառէ Կոլանի եւ վերին ու արեւմտեան Գալիլիոյ գիւղերու մէջ առաւել քան 200 ապաստանարաններու կառուցում:
Նշենք, որ «Հըզպալլա»ն 25 իսրայէլեան բնակեցման վայրերու բնակիչներուն կոչ ուղղած էր՝ անմիջապէս հեռանալու իրենց տուներէն, նախքան հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով զանոնք հարուածելը:
Նաեւ, Ուրբաթ օր, 25 զինուորներէ բաղկացած իսրայէլեան յատուկ ուժ մը Պաթրուն քաղաքին մէջ ցամաքահանում կատարելով՝ առեւանգեց նաւապետ մը, որ ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն, «Հըզպալլա»ի ծովուժին անդամ Իմատ Ամհազն է: