Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, ուր ընդունուեցաւ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեանի, Մարի Փոստոյեան մանկամսուրի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեանի եւ Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Թաշճեանի, անդամներ՝ Կէրի Դաղլեանի եւ Սեւակ Տէմիրճեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ազգային բարերար Մայք Սարեան։
Վարժարանի «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ, վարժարանի Հայկական ակումբին եւ մշակոյթի ամսուան յանձնախումբին կողմէ գործադրուեցաւ աշակերտական մակարդակի գեղարուեստական յայտագիր մը՝ բոլոր աշակերտներուն մասնակցութեամբ, ապա Գեղամ արքեպիսկոպոսը շրջեցաւ դասարանները եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց աշակերտներուն եւ անոնց դաստիարակներուն ու զրուցեց տարբեր դասարաններու մատղաշ եւ պատանի աշակերտներու հետ:


Իր խօսքին մէջ, սրբազանը շեշտեց Ազգային վարժարաններուն տեղը եւ դերը հայ քրիստոնեայ աշակերտներու հայեցի դիմագիծի պահպանման մէջ, յորդորելով աշակերտները՝ տէր կանգնելու Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ մեզի հրիտակուած հայ ոսկեղնիկ լեզուին եւ հայ մշակոյթին, դադրիլ օտար մշակոյթներու ազդեցութիւններէն ու մեր կարգին շարունակել զայն փոխանցել սերունդէ սերունդ։
Ան նաեւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանին պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն՝ դիտել տալով, որ անոնք բազում զոհողութիւններու ճամբով կը ճգնին իրենց զաւակները եւ աշակերտները հայ քրիստոնեայ դաստիարակել՝ հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներով լեցուն բարդ ու փոթորկալից մեր ներկայ ժամանակներուն, երբ իրապէս հերոսութիւն է հայ դպրոց պահելը, հայօրէն շնչելը, այլեւ հայութեան համար ապրիլը եւ գործելը:


Հուսկ, իր խօսքը ուղղելով սիրասուն աշակերտներուն՝ առաջնորդը իր հայրական գորովին եւ օրհնութեան միախառնելով իր բառերը՝ ըսաւ. «Մեր ազգի այսօրուան հերոսներն էք դուք, սիրելի՛ աշակերտներ, որովհետեւ այսօր դուք պարծանքն էք մեր ազգին, գոյատեւման երաշխիքը Հայ դպրոցին, իսկ վաղը՝ դուք պիտի ըլլաք յանձնառու ղեկավարները մեր կառոյցներուն եւ համայնքին ու ազգին»։

