ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Պատրիարքարանի երդիքին տակ մէկտեղուող Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը հրապարակեց «Թրքահայ հասարակութեան ապագայի տեսլականը» տեղեկագիրը։ Հարցախոյզներու քննարկումով գոյացած տեղեկագիրին մէջ նախ ներկայացուած են թուային տուեալներ, որոնք կը պարզեն սեռային յատկանիշներ, տարիքի շերտերը, բնակավայրերու դասաւորումը, ուսման մակարդակը, հայերէնի տիրապետելու մասին տուեալներ եւ աշխատանքային յատկանիշներ։
Իսկ որակական տուեալները դարձեալ կը սկսին հայոց լեզուի մասին ընկալումներով, ապա եկեղեցիներու եւ համայնքային վարժարաններու յաճախելու մասին զանազան հարցումներով։
Պարզուած է, թէ հարցախոյզը լրացնողներուն 59 տոկոսը կիներ են։ Մասնակցողներուն տարիքի միջինը 45․7 է։ Անոնց 67 տոկոսը ամուսնացած է։ Ամէնէն հայաշատ շրջանը Շիշլին է, որուն կը յաջորդեն Պաքըրգիւղը եւ Ֆաթիհը։ Հարցախոյզին մասնակցողներուն 43․9 տոկոսը կը բնակի Շիշլի։ Համալսարանական ուսում ստացողներու համեմատութիւնը 37 տոկոս է։
Մասնակցողներուն 82 տոկոսը «Հայերէն գիտէ՞ք» հարցումին պատասխանած է դրական, իսկ 18՝ բացասական։
Մասնակցողներուն 75 տոկոսը կը բնակի իր սեփական տան մէջ, իսկ 25 տոկոսը վարձակալ է։ 17․1 տոկոսը 60 տարեկանէն վեր է, իսկ 18․66ը՝ 18 տարեկանէն վար։ Աշխատաւորներու տոկոսը 53․1 է, գործատէրերունը՝ 11․3, իսկ թոշակառուներունը՝ 20․2։
Մասնակցողներուն 44․3 տոկոսը հայերէնի գործածութիւնը կարեւոր կը համարեն։ Այս հարցումին «մասամբ կը կարեւորեմ» ըսողները 29․8 են։ 42 տոկոսը բոլորովին դէմ է օտար ամուսնութիւններու։ 31 տոկոսը մտահոգ, իսկ 28 տոկոսը բնական կը համարէ այս երեւոյթը։
Հայկական կազմակերպութիւններու հայ ինքնութեան բերած նպաստը անբաւարար է 64 տոկոսին համար։ Ամէն Կիրակի եկեղեցի յաճախողներուն համեմատութիւնը 24․3 տոկոս է, իսկ միայն տօնական օրերուն յաճախողներունը՝ 39․9 տոկոս։
Հայ մամուլին հետեւելու միջոցներուն մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն համացանցի ընկերային ցանցերը։ Անոր կը յաջորդէ «Ակօս»ը՝ 25․7 տոկոսով։ «Մարմարա»ի ընթերցողներու համեմատութիւնը 9․4 տոկոս է, իսկ «Ժամանակ»ինը՝ 6․9։
Հարցախոյզը պատասխանողներուն կէսը կը նախընտրէ յատուկ հիւանդանոցները։ 38 տոկոսը կը դիմէ պետական հիւանդանոցներու, իսկ 12 տոկոսը՝ հայոց հիւանդանոցը։
Հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեան պարագային, շրջանաւարտներու կազմած սանուց միութիւնները 43․3 տոկոսով առաջին կարգին վրայ են։
«ԱԿՕՍ»