Վրաստանի կառավարութիւնը չարտօնեց, որ երկիրը վերածուի «երկրորդ Ուքրանիոյ, յայտարարեց Թիֆլիս այցելած Հունգարիոյ ծայրայեղ աջակողմեան վարչապետ Վիքթոր Օրպան` իր վրացի պաշտօնակից Իրաքլի Քոպախիծէի հետ պաշտօնական հանդիպումէն ետք:
«Հունգարիա կը պաշտպանէ երկիրը չքանդելու եւ անիմաստ պատերազմի մը մէջ չմտնելու ձեր ցանկութիւնը: Մենք կ՛ողջունենք, որ վրացի ժողովուրդը ընտրեց խաղաղութիւնը, իսկ կառավարութիւնը, Եւրոպական Միութեան համարկման իր ցանկութեան ծիրին մէջ, չարտօնեց, որ երկիրը վերածուի երկրորդ Ուքրանիոյ», ըսաւ Օրպան, ըստ որուն, Վրաստանի մէջ ընտրութիւնները անցած են «ազատ եւ արդար», հակառակ միջազգային դէտերու այն պնդումներուն, թէ օրէնքի շարք մ խախտումներ արձանագրուած են ի նպաստ ռուսամէտ կառավարութեան քաղաքական ուժին։
«Եթէ ազատականները յաղթէին, ամբողջ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ լուրը պիտի տարածուէր իբրեւ ժողովրդավարութեան յաղթանակ, սակայն հիմա, որովհետեւ պահպանողական ոգին յաղթած է՝ Եւրոպայի մէջ արդէն կը վիճին», ըսաւ Օրպան: