
Հայ Օգնութեան Միութեան համար հայ ուսանողին թեւ եւ նեցուկ կանգնիլը միշտ եղած է առաջնահերթութիւն մը։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀՕՄը իր կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ կը ջանայ նպաստել հայ ուսանողին, որպէսզի ան անարգել շարունակէ իր ուսումը։
ՀՕՄի կրթաթոշակին նպատակն է՝ պատրաստել երիտասարդ մասնագէտներ, որոնք համալսարանական ուսումը ամբողջացնելէ ետք, իրենց գիտութիւնը ի սպաս պիտի դնեն գաղութին եւ հայրենիքի կարիքներուն։
Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը այս տարի եւս կրթանպաստներ յատկացուց դիմումնագիրներ ուղարկած եւ բոլոր պայմանները ամբողջացուցած զանազան երկիրներէ 30 ուսանողներուն։ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանին համար 39,000 տոլար յատկացուեցաւ։
Այս առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնել «Երեմեան», «Ճիզմեճեան», «Պաղտոյեան», «Պալունեան», «Գալայճեան», «Վարդան Գրիգորեան» եւ «Ժանէթ Մարգարեան» ֆոնտերուն, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ հաստատել կրթանպաստի հիմնադրամները:
115ամեակի սեմին, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան նպատակն է՝ ուռճացնել ՀՕՄի կրթանպաստի ֆոնտերը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն թիւով ուսանողներու օժանդակութեան հասնիլ: Նաեւ կարելի է յետ մահու ֆոնտեր հաստատել, ուսանողական ծրագրերուն օժանդակելու նպատակով:
Նուիրատուութիւններու համար կը խնդրուի այցելել ՀՕՄի հետեւեալ կայքէջը։
ՀՕՄը հիմնուած է 1910ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Անիկա ինքնավար, ոչ-կառավարական եւ ոչ-յարանուանական մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, որ կը ծառայէ՝ հոգալու հայ ժողովուրդի մարդկային կարիքները եւ կը ձգտի պահպանել հայ ազգին մշակութային ինքնուրոյնութիւնը։