Հերմինէ Աւագեանի «Կապոյտ Տանիքներ» գիրքը ժողովածու մըն է բանաստեղծութիւններու, որոնք ծնունդ առին Արցախի շրջափակման եւ տեղահանութեան օրերուն:
Գիրքին խմբագիրը բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանն է: Անիկա հրատարակուած է «Արմաւ» հրատարակչութեան կողմէ:
Գիրքին շնորհահանդէսին առիթով խօսքեր արտասանեցին «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, գրականագէտ Արմէն Աւանեսեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան, գրականագէտ Քնարիկ Աբրահամեան, արձակագիր Ծովինար Խաչատրեան, երիտասարդ բանաստեղծ Արմէն Աւօ, բանաստեղծ Դաւիթ Մշեցի եւ գրականագէտ Նանար Սիմոնեան: Նիւ Եորքի համալսարանի դոկտոր, գրող Հրանդ Մարգարեանի խօսքը ընթերցեց Սիփան Զադոյեան:
Գրական երեկոյին ընթացքին ընթերցուեցան Հերմինէ Աւագեանի բանաստեղծութիւններէն, զորս կարդացին դերասաններ Շողեր Սարգսեան եւ Սիփան Զադոյեան, հնչեցին երգեր` Երեւանի երաժշտանոցի ուսանողներուն կատարողութեամբ:

Ներկայ էին Արցախի ու Հայաստանի գրական ընտանիքներու անդամներ եւ ընթերցողներ:
Նշենք, որ գիրքը Միացեալ Նահանգներու մէջ արժանացած է «Libra 6» գրական մրցանակին, որ ստանձնեց նաեւ գիրքին հրատարակութեան մեկենասութիւնը:
«Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Աւագեան ըսաւ հետեւեալը․ «Ես ամէն օր ժամերով նայում եմ Երեւանի իմ պատուհանից եւ փորձում եմ կապոյտի մէջ գտնել մեր գիւղի տանիքները: Եւ տեսնում եմ նրանց` կապոյտ, ինչպէս երազանքը, կապոյտ, ինչպէս վերադարձի հաւատը եւ խաղաղութեան չմարող ձգտումը… Բացէք գիրքը եւ տանիքները ձեզ կը պատմեն, թէ ինչ էին զրուցում ինձ հետ…»: