Վրաստանի իշխող եւ ռուսամէտ «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը յաղթական հռչակուեցաւ Շաբաթ օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստանալով քուէներուն 53.9 առ հարիւրը։
Վրաստանի քաղաքացիները նաեւ ընտրեցին խորհրդարանի 150 երեսփոխաններ: Աթոռները պիտի բաշխուին այն կուսակցութիւններուն միջեւ, որոնք հաւաքած են քուէներուն առնուազն 5 տոկոսը:
Վրաստանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը արդէն վաւերացուց խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, ըստ որոնց, «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 90 աթոռներ։ Սակայն, ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրոպացի ընտրական դէտեր շեշտեցին, թէ ընտրական օրէնքներու շարք մը խախտումներ արձանագրուած են եւ թէ ընտրապայքարին ընթացքին ընդդիմութեան դէմ ատելութիւն հրահրող արշաւներ եւ սպառնալիքներ կատարուած են։