ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԸ ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄԸ 18 ԶՈՀ ԽԼԵՑ
Հարաւային Լիբանանի եւ արեւելեան Պեքաայի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան օդուժին շարունակուող յարձակումներուն հակադարձելով, «Հըզպալլա» շարունակեց հրթիռներ արձակել Իսրայէլի Գալիլիոյ շրջանին վրայ:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակումներ գործեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ այլ շրջաններու մէջ «Քարտ Հասան» դրամատուներու մասնաճիւղերուն վրայ: Միայն Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ աւելի քան 11 յարձակումներ գործուեցան:
Նաեւ, Երկուշաբթի գիշեր Իսրայէլ ռմբակոծեց հարաւային Պէյրութի մէջ գտնուող հիւանդանոց մը, սպաննելով առնուազն 18 քաղաքայիններ, ներառեալ չորս երեխաներ։ Վիրաւորուեցան աւելի քան 60 ուրիշներ։
Գալիլիոյ Սաֆատ շրջանի «Զէյֆ» հիւանդանոցը հաղորդեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի բախումներու վայրերէն տասնեակներով վիրաւորներ ընդունած է:
«Հըզպալլա»ն նաեւ ռմբակոծեց Պլիտա գիւղին մէջ Քենաան բարձունքին վրայ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներուն դիրքերը եւ այլ դիրքեր ու բնակեցման վայրեր:
«Հըզպալլա» նաեւ յայտարարեց, որ վար առած է իսրայէլեան «Հերմես 900» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը, իսկ իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Միջերկրական ծովուն վրայ դէմ դրած է 5 անօդաչու թռչող սարքերու, որոնք չեն յաջողած Իսրայէլի օդային տարածք մուտք գործել:
Քաղաքական գետնի վրայ, ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Երկուշաբթի օր այցելեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ քննարկելու դիւանագիտական լուծումի մը կարելիութիւնը:
Ան հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։
Միքաթի հանդիպումին ընթացքին շեշտեց. «Առաջնահերթութիւնը զինադադարն է»:
Հոքշթայն իր կարգին շեշտեց. «Դիւանագիտական ջանքերը տակաւին կանգուն են եւ լուրջ, եւ մենք աշխատանք կը տանինք յառաջիկայ փուլին զինադադար հաստատելու․ բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին փոխադարձ հասկացողութեան տարազի մը հասնելու»:
«Ուաշինկթըն կ՛ուզէ դադրեցնել այս տագնապը եւ լիբանանեան պետութեան ու Իսրայէլի կառավարութեան հետ կ՛աշխատի ատիկա իրագործելու համար», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:
«Միջազգային ընտանիքն ու Ուաշինկթընը յանձնառու են Լիբանանի վերակառուցման եւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան: Լիբանանեան բանակը կարողութիւնը ունի Լիբանանը, անոր սահմաններն ու նաւահանգիստները պաշտպանել», աւելցուց Հոքշթայն:
Ամերիկացի պատուիրակը նաեւ նշեց. «Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը ձգտի երաշխաւորելու, որ այս տագնապը Լիբանանի մէջ յաջորդ սերունդներուն համար վերջինը պիտի ըլլայ»:
«Եթէ Լիբանանի ղեկավարները ճիշդ որոշումները որդեգրեն, անոնց կողքին պիտի կանգնինք», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նշեց. «Իսրայէլ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընին ներկայացուց Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական լուծումի հասնելու համար իր պայմանները: Իսրայէլ Լիբանանի պատերազմին վերջ տալու համար պայման ճշդեց իր բանակին արտօնել «ազդու մասնակցութիւն» ունենալ «Հըզպալլա»ի վերազինումը արգիլելու ջանքին մէջ», կը գրէ «Աքսիոս»:
«Սկզբունքներու փաստաթուղթը սահմանի երկու կողմերու տեղահանուածներուն կ՛արտօնէ իրենց տուները վերադառնալ», կը նշէ ամերիկեան կայքը, աւելցնելով. «Իսրայէլ Լիբանանի պատերազմին վերջ տալու համար պայման ճշդեց իր օդուժին արտօնել Լիբանանի օդային տարածքին մէջ ազատօրէն գործել»: