Ատոմ Էկոյեան արժանացաւ Սպանիոյ Պենալմատենայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի մրցանակին: Էկոյեան 19 Հոկտեմբերին ստացաւ Nina de Benalmadena մրցանակը, որով 1998էն այս փառատօնը կը պարգեւատրէ հեղինակաւոր բեմադրիչներ, ինչպէս՝ Քեն Լոչ, Կիյերմօ Տել Թորօ, Եիրի Մենզել եւ Վոլքեր Շլէօնտորֆ:
Փառատօնը, որ կը կեդրոնանայ այլընտրանքային ժապաւէններու եւ կարճատեւ ժապաւէններու վրայ, անդրադարձաւ Էկոյեանի արուեստի ասպարէզին՝ անոր նուիրուած ցուցադրութիւններով:
Փառատօնը բացուեցաւ Էկոյեանի «էկզոթիքա» (1994) ժապաւէնով:
