21 Հոկտեմբերին, խորհրդարանին մէջ սահմանազատման կանոնակարգի նախագիծի քննարկման ընթացքին, Հայաստանի փոխվարչապետ, փաստաթուղթի հիմնական զեկուցող Մհեր Գրիգորեան նշեց, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջական քարտէզ չկայ։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այդ պարագային ինչպէ՞ս Հայաստանի բանակցողները՝ վարչապետին գլխաւորութեամբ, մնայուն կերպով կը պնդեն, որ 1975ի քարտէզը կրնայ եւ պիտի հիմք դառնայ սահմանագծման հետագայ աշխատանքներուն համար՝ Գրիգորեան բացատրեց` խօսքը ընդհանուր հրամանատարութեան քարտէզներուն մասին է, որոնք կազմուած են 1974-78 թուականներուն, իսկ 1979ին ուժի մէջ մտած են:
«Բայց էդ քարտէզները միակ քարտէզները չեն, որոնք պէտք է օգտագործել, եւ կամ, կարծում եմ, կ՛օգտագործուեն սահմանազատման գործընթացում, որովհետեւ կան հարցեր, որոնց պատասխանները էդ քարտէզները չեն տալիս», ըսաւ Գրիգորեան: Պատասխանելով այն հարցումին, որ «բայց դա ամբողջական քարտէզն է՞ Հայաստանի սահմանների», փոխվարչապետը արձագանգեց. «Ըստ էութեան, ինքը որոշակի իմաստով ամբողջական է, բայց հիմա աւել դէտալ (մանրամասնութիւն) ձեզ չեմ ասի»: Իսկ թէ ինչո՞ւ ըսաւ, որ ամբողջական չկայ, Գրիգորեան յայտարարեց. «Որովհետեւ չկայ»:
Կանոնակարգի նախագիծը կողմերը ստորագրած են առանց յստակ քարտէզ ամրագրելու: 21 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ յատկապէս այս հարցը դարձաւ ընդդիմադիրներուն ուշադրութեան կիզակէտը: Փոխվարչապետը շատ փակագիծեր չբացաւ, բայց կը պնդէր, որ սահմանազատման հետագայ գործընթացին մէջ պիտի օգտագործուին բացառապէս իրաւական հիմք եւ հենք ունեցող քարտէզները:
Մինչ այժմ հրապարակային տեղեկութիւն չկայ այն մասին, թէ Ատրպէյճան կանոնակարգի վաւերացման ուղղութեամբ ի՛նչ քայլեր պիտի իրականացնէ, բայց եւ այնպէս փոխվարչապետը մտավախութիւն չունի, որ Պաքուն զայն չի վաւերացներ:
Ընդդիմադիր պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յիշեցուց հայ-թրքական արձանագրութիւններուն օրինակը, զորս Անգարան այդպէս ալ չվաւերացուց: Գրիգորեան, այդուհանդերձ, ըսաւ, թէ չի հասկնար, թէ ինչո՞ւ Պաքուն զայն պիտի չվաւերացնէ, ապա բացատրեց` եթէ ամէն պարագայի նման բան տեղի ունենայ, վաւերացնելէ ետք կողմերը ունին վերջին փուլ, որ կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ ծանուցումներու բնօրինակները Երեւանն ու Պաքուն փոխանակուին:
«Բնականաբար, եթէ վաւերացման գործընթացը չաւարտուի կողմերից մէկի կողմից, կամ վերապահումներ սահմանուեն դրա հետ կապուած, ծանուցումների փոխանակում տեղի չի ունենայ, պրոցեսը (գործընթացը) կ՛ընդհատուի», ըսաւ փոխվարչապետը։
Հակառակ Գրիգորեանի հաւաստիացումներուն, որ գործընթացը ամբողջութեամբ օրինական է, եւ խօսքը ոչ թէ նոր սահմանի, այլ եղածը վերարտադրելու մասին է, քննարկման ներկայ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն մտահոգութիւնները չփարատեցան: Թէ՛ արդէն սահմանազատուած հատուածը, թէ՛ խորհրդարան ներկայացուած կանոնակարգը, ըստ անոնց, լուրջ վտանգներ կը պարունակէ:
Ռուստամեան յայտարարեց. «Ազգային ժողովը այս առումով կը վաւերացնի ըստ էութեան մեր շահերից չբխող` ՀՀ տարածքների հնարաւոր նուազեցումը լեգիտիմացնող (օրինականացնող) փաստաթուղթ, ինչը պահանջում է հանրաքուէ»: