Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան ներկայ եղաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան տարեկան հանգանակային ձեռնարկին. Գեղամ սրբազանը Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմը մեկնած էր՝ մաս կազմելու համար Արամ Ա. վեհափառին հովուապետական այցելութեան շքախումբին: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» սրահին մէջ, Լոս Անճելըս:
Ստորեւ՝ ձեռնարկին արտասանուած առաջնորդին խօսքը.
«Սիրելի համազգայնականներ, Հայ մշակոյթի պահապաններ, հայ մշակոյթին հաւատացող կամաւոր գործողներ, բարերար հայորդիներ եւ ներկաներ,
«Այսօր, դուք հաւաքուած էք տօնախմբելու Համազգայինի հիմնադրութեան 56-րդ տարեդարձը, իսկ ես ձեզի հետ եմ հոգիով ու սրտով: Առ այդ, Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային ապրումներով կ՛ողջունեմ ձեզ եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները անխտիր:
«Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ կէս դար եւ աւելի տարիներու վաստակ ու աւանդութիւն ստեղծած, կրթամշակութային առաքելութեամբ ազգանուէր ու սերնդակերտ Համազգայինն ու անոր յաջորդական Շրջանային վարչութեանց կազմերը, որոնք ոչ միայն Քալիֆորնիոյ նահանգի մշակութակուլ քաղաքներու մէջ հայ կրթական եւ մշակութանուէր առաքելութիւն կ՛իրականացնեն, այլեւ՝ միշտ անվհատ կամքով ամուր կառչած սեփական շէնք ու մշակութային կեդրոն ունենալու իրենց տեսիլքին, վերջերս, ողջունելի նախաքայլը առին Կլենտէյլի սրտին մէջ կեդրոն մը գնելու ծրագրին, որ, թէեւ ուշացումով, սակայն վերջապէս՝ մէ՛կ երդիքի ներքեւ պիտի համախմբէ Համազգայինի միաւորներն ու արուեստի խումբերը, ինչպէս նաեւ՝ հայ գիրի ու դպրութեան, հայկական զանազան արուեստներու, մշակութային ձեռնարկներու եւ ստեղծագործ անհատներու համար պիտի դառնայ «մեղուափեթակ-տուն»: Շնորհաւո՜ր, Համազգայի՛ն:
«Մայր Համազգայինը շուրջ դար մը իր վաստակով, իսկ արեւմտեան այս ափերու Համազգայինը իր 56ամեայ երթով, եղած են ու կը մնան մշակութանուէր այն գլխաւոր միութիւնը, որ գիտակից ու վսեմ յանձնառութիւնն ունի՝ հայ մշակոյթի, լեզուի, արուեստի հարուստ մեր աւանդը՝ իր զանազան բնագաւառներով, փոխանցելու նոր սերունդներու զաւակներուն: Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ Համազգայինը անփոխարինելի իր տեղն ու դերը ունեցած է հայ մշակոյթի տարբեր մարզերու պահպանման, տարածման ու յաւելեալ ծաղկումին մէջ, միաժամանակ զարկ տալով հայ դպրոցին ու թատրոնին, հայ երգին ու երաժշտութեան, հայ գրողին ու դեռ՝ արուեստի զանազան անդաստաններու մէջ ստեղծագործող անհատներու:
«Օրհնեալ ըլլան բոլոր այն նուիրեալները, որոնք բաժին բերին Համազգայինի ծրագիրներու իրականացման եւ մշակութային սեփական կեդրոն մը ունենալու մեր բոլորին մեծ երազին իրականացման: Չմոռնա՛նք սիրելիներ, որ հաւաքական զօրակցութի՛ւնն է գերագոյն երաշխիքը՝ մեր բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան:
«Առ այս, յատուկ կերպով կ՛ողջունեմ ներկայութիւնը եւ կ՛օրհնեմ վաստակը մեր շրջանի Համազգայինի առաջին սեփական կեդրոնի գլխաւոր բարերարութիւնը ստանձնած տէր եւ տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպոլեան ամոլին, որուն բարեգործ ձեռքը Օրենճ Քաունթիի սահմաններէն հասաւ մինչեւ Կլենտէյլ՝ իբրեւ ապացոյց հայ մշակոյթի եւ հայ արուեստի նկատմամբ ազնուական զոյգին տածած սիրոյն եւ Համազգայինի առաքելութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած խոր հաւատքին: Ամոլը նաեւ բարերարն է Օրենճ Քաունթիի մէջ առաջին հայ ազգային միջնակարգ վարժարանին:
«Այս առիթով նաեւ կու գանք շեշտելու, որ աշխարհի հայկական կրթարաններն ու մշակութային կեդրոնները ե՛ն ու կը մնան ազգային արժէքներ, մինչ բարերարներն ու կերտիչները՝ կ՛անմահանան, իրենց սերնդակերտ ու մշակութանուէր գործունէութեամբ:
Եւ այժմ, հայրաբար կը բաժնեմ Համազգայինի մեծ ընտանիքին հպարտութիւնը, ո՛չ միայն ի տես անոր իրագործումներուն ու կտրած ճամբուն, այլ նաեւ այն տեսլականներուն ու ծրագիրներուն համար, որոնք այս մեծ միութիւնը պիտի առաջնորդեն դէպի յառաջիկայ փուլ եւ հոնկէ՝ աւելի փայլուն, նո՜ր հորիզոններ:
«Բարի երթ՝ Համազգայինի բոլոր ծրագիրներուն: Թող բարձրեալն Աստուած իր օրհնաբաշխ Ս. Աջը պահապան ընէ ձեր բոլորին վրայ: Ամէն:
Աղօթարար՝
Գեղամ Արք. Խաչերեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի