ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Միացեալ Նահանգներ հաստատուած «Հայ Դպրոց» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս կարելի եղած է յաջողութեամբ շարունակել Հայաստանի գիւղական շրջաններու վարժարաններուն կահկարասիներ տրամադրելու աշխատանքը՝ ամբողջացնելով 25 ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ 2270 աշակերտները աւելի լաւ պայմաններու մէջ կրթութիւն պիտի ստանան Հայաստանի գիւղական ութ շրջաններու մէջ։
2003էն ի վեր, շնորհիւ կազմակերպութեան նուիրատուներուն տրամադրած աջակցութեան, «Հայ Դպրոց»ը օգնութեան հասած է մօտաւորապէս 40,000 աշակերտներու եւ 500 վարժարաններու։
Այս առիթով, կազմակերպութեան վարչութեան ատենապետ Մոնէ Տէր Գրիգորեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ կազմակերպութեան հովանաւորներուն եւ կամաւորներուն, որոնք կարելի կը դարձնեն կազմակերպութեան գործունէութիւնը։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ նուիրատուութիւններ կատարելու համար, կարելի է դիմել հիմնարկին՝ (747) 240-0055 թիւով, կամ այցելել կայքէջը: