Հինգշաբթի, 11 Հոկտեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանրային լսարան Willoughby Uniting Church-ի հանդիսասրահին մէջ:
Հանդիսավարուհի Հուրի Մայիսեան-Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացնելէ ետք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը՝ զայն հրաւիրեց՝ տալու իր զեկուցումը

Տէր Խաչատուրեան սահիկներու ցուցադրութեամբ տուաւ տեսալսողական զեկուցում մը՝ բացատրութիւն տալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարած կազմակերպչական, քաղաքական, յարաբերական աշխատանքներուն մասին:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան տուաւ համապարփակ զեկուցում մը ՀՕՄի տարած բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի՝ Լիբանանէն դուրս գալ չկարենալուն պատճառով, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրան Վահրատեան տուաւ հակիրճ զեկուցում մը աշխարհացրիւ ՀՄԸՄի լայնածաւալ գործունէութեան մասին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան շուրջ տասը վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը ուղարկած էր Լիբանանէն: Քէշիշեան չէր կրցած Սիտնի ժամանել Պէյրութի օդակայանին անդամալոյծ վիճակին պատճառով: Հակիրճ բայց բովանդակալից զեկուցումը լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի մշակութային հսկայ գործունէութիւնը:
Աւարտին, հանդիսավարուհին հրաւիրեց զեկուցաբերները հարցում-պատասխանի բաժինի մը, որուն ընթացքին անոնք պատասխանեցին իրենց ուղղուած բոլոր հարցումներուն: