
Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի տնօրէնութիւնը եւ Ուսումնական խորհուրդը կը տեղեկացնեն, թէ հաստատութեան վարիչ Կարին Չուխատարեան կրթութեան ոլորտին մէջ արժանացած է դոկտորի կոչումին (EdD), «Թրայտընթ» համալսարանէն։
Յատկանշական է, որ Չուխատարեանի աւարտաճառը նուիրուած էր արեւմտահայերէնի պահպանութեան նպատակով տարուած եւ տարուելիք ուսումնական ջանքերուն։
Այս առիթով, «Թաւլեան»ի Ուսումնական խորհուրդի անդամներէն Լօրա Կապուտեան Չուխատարեանի այս իրագործումը յատկանշական յառաջընթաց մը համարեց թէ՛ վարիչին, թէ՛ կրթական հաստատութեան եւ թէ ամբողջ համայնքին համար։
1992ին չորս աշակերտներով ճամբայ ելած վարժարանը ունի 70 աշակերտներ, որոնց կարիքները կը հոգան 18 հոգինոց անձնակազմի անդամները: Վարիչ Չուխատարեանի առաջնորդութեամբ յատկանշական իրագործումներու հասած հաստատութիւնը վարկաւորուած է NAEYC-ի կողմէ: