Հայկական առաջին եւ Հնդկաստանի առաջին տպագիր պարբերաթերթին՝ «Ազդարար»ին առաջին թիւը լոյս տեսաւ 16 Հոկտեմբեր 1794ին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ։ Անոր հիմնադիրը էր շիրազցի Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանն էր։
«Ազդարար»ը շարունակեց հրատարակուիլ մինչեւ 1796ի Մարտ ամիսը։ Այդ ընթացքին հրատարակուած են 18 թիւեր, իւրաքանչիւրը մօտաւորապէս 50 էջ ծաւալով։ Անոր հրատարակութիւնը դադրած է նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ Թերթը տպագրած է գլխաւորաբար գրաբարով եւ մասամբ՝ հնդկահայ եւ Նոր Ջուղայի բարբառներով։
«Ազդարար»ը պատմագիտական, գրական, գիտական եւ հասարակական նիւթեր հրատարակող հանդէս մըն էր եւ մասամբ լուսարձակի տակ առած էր հնդկահայ կեանքը եւ անդրադարձած էր հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան, ազգային ինքնագիտակցութեան, ազատագրութեան հարցերուն։ Անոր մէջ տպագրուած էին նաեւ խրատական բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, առակներ, զրոյցներ, պատմուածքներ, դաստիարակչական յօդուածներ եւ տեղեկութիւններ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին։
Շմաւոնեան թղթակցութիւններ կը ստանար Մատրասէն, Կալկաթայէն, Պասրայէն, Չինաստանէն, Ֆիլիփինէն, նաեւ նիւթեր կը տպագրէր Երեւանէն եւ Շուշիէն։ Հոն տպագրուած է նաեւ Խաչատուր Կեսարացիի «Պատմութիւն Պարսից»ը։
Նշենք, որ ի պատիւ «Ազդարար»ին՝ 2004ին, 16 Հոկտեմբերը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ Հայ մամուլի օր։