Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնութեամբ, 25էն 27 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք «Արփա» շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուի նաեւ Քաթիա Կիրակոսեանի բեմադրած եւ Միսաք ու Մելինէ Մանուշեաններուն նուիրուած վաւերագրական ֆիլմը։
Կիրակոսեան ներկայ պիտի ըլլայ ցուցադրութեան եւ պիտի ստանայ փառատօնին այս տարուան Արմին Վեկնըրի անուան «Մարդասիրական մրցանակ»ը։
Ֆիլմին ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 Հոկտեմբերին, կ. ե. ժամը 3:30էն սկսեալ, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը՝ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ։
Փառատօնին ամբողջական ժամանակացոյցին ծանօթանալու եւ տեղեր ապահովելու համար այցելել itsmyseat.com կայքը կամ arpafilmfestival.com/tickets կայքէջը։