

ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Մէ՛կ հայրենիք, մէ՛կ ազգ:
Մէ՛կ պատմութիւն, մէ՛կ մշակոյթ:
Մէ՛կ երազանք, մէ՛կ նպատակ:
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք սրբազան եռամիասնութիւն, որ արդարօրէն կը ներկայացնեն հայը եւ հայրենիքը, հայուն երազանքն ու փառքը, ցաւը եւ կորուստը եւ… յաղթանակը:
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի սրբազան ուխտը դարձած՝ հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ժառանգութիւնը հայրենասիրութիւն եւ ազգասիրութիւն կը ներշնչեն:
016էն սկսեալ, Արցախի քառօրեայի եւ անոր յաջորդող տարիներուն տեղի ունեցած թէժ պատերազմներուն զոհուած թէ առաջին կարգի հաշմանդամ հայ զինուորին յատուկ ուշադրութեամբ մօտեցած ենք եւ առ այդ, «Փիլիպոս»ի մէջ դրամահաւաքի ծրագիրներով կը փորձեցինք կոկիկ գումարներով նիւթաբարոյական օժանդակութիւն հասցնել հայրենիքի սիրոյն եւ փրկութեան պաշտպաններուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
Այս Սեպտեմբերին, աւարտական կարգի մեր աշակերտները, կարգ մը պատասխանատու դաստիարակներու հետ այցելեցին Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ ապրող հայ զինուորներու ընտանիքի անդամներու՝ հարազատօրէն ծանօթանալով անոնց հետ, փորձեցինք իրենց անմիջական հարազատին «Մեծ գործ»ին առթած «մեծ ցաւ»ը ըմբռնել, կիսել եւ աշակերտներու կողմէ փոխանցուած սրտաբուխ խօսքերով եւ հպարտ արտայայտութիւններով մեծարել անոնց զոհողութիւնը, ապա նիւթական կոկիկ նուէր մը փոխանցելով հրաժեշտ կու տայինք:


Խոնարհաբար այցելեցինք զոհուած, կամ առաջին կարգի հաշմանդամ կարգ մը զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն եւ արցունքոտ աչքերով ու դողացող շրթներով փորձեցինք ծանօթանալ՝ թէեւ մեզի «անծանօթ» բայց հոգեհարազատ հայ զինուորին, անոր սխրանքներուն եւ մեծ նուիրումին, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքի անդամներուն․ ծանօթանալով մեր քաջարի հայ զինուորին առաւել եւս ապրեցանք անոր ցաւալի մեծ կորուստը…:
Ի դէպ, վիրաւոր հայ զինուորը հպարտօրէն, խաղաղ նայուածքով եւ խորհրդաւոր ձայնով մը պատմեց իր եւ զինակից իր ընկերներուն սխրանքներուն եւ երբեմն նաեւ անսպասելի կորուստին մասին, իսկ մենք դժուարութեամբ կ՛ընկալէինք փոխանցուած դառն իրականութիւնը, սակայն հաշմանդամ բայց խրոխտ նայուածքով հայ զինուորը իր կանգուն հաւատքով եւ արժանավայել հպարտութեամբ ըսաւ․ «Սրբեցէք ձեր արցունքները մեր քոյրեր եւ եղբայրներ ու հաւատացէք, որ վերապրած հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորը իր եւ իր զինակիցներուն կորուսեալ իրաւունքը պիտի վերադարձնէ օր մը… շուտով»… եւ մենք, ակամայ, ծածկել փորձելով մեր խոր ցաւը՝ համոզուած ձեւանալով, կը սեղմէինք անոր երկարած քաջ ձեռքը եւ հրաժեշտ կու տայինք յաղթանակի հպարտութեամբ:
Առաւել եւս ցաւոտ եւ ճնշող էր զոհուած զինուորին ծնողներուն կարօտագին նայուածքները տեսնել եւ զգալ անոնց տառապանքը .աշակերտներէն իւրաքանչիւրը կարծէք ակամայ կը յիշեցնէր զոհուած զինուորը, իսկ ծնողները յաճախ ողջագուրելով՝ աշակերտներուն կը մաղթէին ամէնէն բարին եւ խաղաղ երկինք, իրենց վերապահելով կսկիծը եւ աղի արցունքը՝ կորուսեալ սրտահատորին հանդէպ:


Աշակերտները ակամայ, սրտաբուխ խօսքերով կարծէք նոր յոյս կը փորձէին ներշնչել՝ իրենց իւրայատուկ հպարտալի արտայայտութիւններով եւ ապրումներով:
Վերջապէս, հայրենիք այցելութիւնը, եթէ երջանկութիւն եւ հպարտութիւն է, առաւել եւս, հայրենի զինուորին նուազագոյնս «վարձահատոյց» ըլլալու ազգային վեհ պարտաւորութիւն եւ սրբազան առաքելութիւն է:
Ի դէպ, «Փիլիպոս»ը միշտ պատնէշի վրայ է՝ ազգային իր ակունքներով, հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենասիրական վեհ գաղափարներով եւ նուիրումով:
Խոնարհաբար, մենք կատարեցինք ազգային մեր նուազագոյն պարտքը՝ մեր հայրենիքին համար իրենց առաւելագոյնը՝ իրենց կեանքը նուիրած եւ զոհած խրոխտ հայ զինուորին եւ իր ընտանիքին հանդէպ:
Բիւր յարգանք հայրենեաց պաշտպան մեր հպարտ ու յաղթական հայ զինուորին: