Ռուսիա եւ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կը համագործակցին բոլոր ոլորտներուն մէջ` մեկնելով ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, այլ նաեւ շրջանային հարցերու լուծման կարեւորութենէն: Այս մասին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀի ժողովներու ծիրին մէջ:
«Մենք կը տեսնենք հաւաքական Արեւմուտքի երկիրներու` ՆԱԹՕի պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու, իսկ մինչ այդ` այդ ջուրը խառնելու մեծ ցանկութիւնը: Կը կարծեմ, որ այդ մէկը լաւ գիտեն Պաքու եւ շրջանի միւս երկիրները», ըսաւ Զախարովա:
Ան նշեց, որ Հարաւային Կովկասի երկիրները պէտք է այնպէս ընեն, որ «աշխարհի զանազան մասերուն մէջ նկատուող ապակայունացումը չտարածուի մեր հասարակաց շրջանին մէջ»:
«Այս շրջանը բազմաչարչար է, անիկա անցած է բազմաթիւ տագնապներու, արիւնալի, դաժան պատերազմներու մէջէն, որոնք սպիներ ձգած են զանազան ազգերու սրտերուն մէջ: Առ այդ, ան որ կ՛ուզէ խաղաղութեամբ գալ, օգնել, բոլորը ողջունելի պիտի ըլլան: Իսկ անոնք, որոնք ոչ թէ քար, այլ նոյնիսկ դանակ կը պահեն իրենց ծոցին մէջ, թող մեր շրջանէն հեռանան: Մենք միասին այնքան ջանքեր գործադրած ենք` այս շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար», եզրափակեց Զախարովա: