ՆԱԹՕի միջազգային ռազմական ընդհանուր հրամանատարութեան պետ, զօրավար-տեղակալ Եանուշ Ատամչաք աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան:
Ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան առաջին փոխնախարար, Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պետ, զօրավար-տեղակալ Էդուարդ Ասրեանի եւ պաշտպանական քաղաքականութեան ու միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի հետ:
Ըստ հայկական կողմին` քննարկուեցան Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան ներկայի ընթացքը եւ զարգացման կարելիութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Ատամչաքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու բարեփոխումներու ընթացքը, քննարկուեցան տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր եւ կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային ռազմաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ:
Նշենք, որ Երեւան այս տարուան Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕի վեհաժողովին:
Մոսկուա իր դժգոհութիւնը յայտնեց՝ նշելով, թէ կ՛ափսոսայ այդ վեհաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան համար:
Երեւան յայտարարեց, որ հետաքրքրուած է ՆԱԹՕի հետ համագործակցութեան խորացումով, նոյն ատեն նշելով, որ Հայաստանի օրակարգին վրայ ներկայ դրութեամբ ՆԱԹՕին անդամակցելու հարց չկայ։