
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին հրապարակեց այս տարի տեղի ունեցող քոնկրեսական ընտրութիւններուն իր զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներու ցանկը, Հայ Դատին սահմանած 40 ոլորտներու մէջ անոնց հայանպաստ կեցուածքները եւ խոստումները քննելէ ետք։
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն համար, Հայ Դատը որոշած է զօրակցութիւն չյայտնել ոեւէ թեկնածուի, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ արդէն իսկ «ձախողած» որակած էր երկու գլխաւոր թեկնածուներուն՝ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի եւ դեմոկրատ թեկնածու Քամալա Հերիսի՝ Արցախի նկատմամբ որդեգրած քաղաքականութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն պարագային, Հայ Դատը կը զօրակցի հայութեան երկար տարիներու բարեկամ Էտըմ Շիֆի Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչը ըլլալու ընտրապայքարին, իսկ Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն Հայ Դատի զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ամբողջական ցանկին համար այցելել կայքէջը։