Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Փեթըր Սթանօ հակադարձեց Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքովի յայտարարութեան, թէ՝ Արեւմուտքը Հայաստանը կը մղէ ձգձգելու Պաքուի հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ մտադիր է գլխաւորել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ ՆԱԹՕի խմբաւորումներ տեղակայել Հարաւային Կովկասի մէջ:
Պատասխանելով Պորթնիքովի յայտարարութիւններուն գծող «Արմէնփրէս»ի հարցումին՝ Սթանօ ըսաւ, որ Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավարին մեկնաբանութիւնները անհեթեթ են: «Այս մեկնաբանութիւնները ամբողջութեամբ անհեթեթ են, ռուսական վարչակարգին բնորոշ սուտ եւ ձեռնավարութիւն, որ կը փորձէ քօղարկել Հայաստանին տուած խոստումներուն եւ անոր նկատմամբ պարտաւորութիւններու կատարման կրկնուող ձախողութիւնները», յայտարարեց Սթանօ:
Պորթնիքով ԱՊՀ երկիրներու ապահովութեան մարմիններուն ղեկավարներու խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Արեւմուտքը կ՛ուզէ ՆԱԹՕի խմբաւորումներ տեղակայել Հարաւային Կովկասի մէջ՝ իբրեւ թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման օգնելու համար: Ան յայտարարեց, որ «ամերիկացիները եւ եւրոպացիները չեն շահագրգռուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատումով»։
«Երեւանը մղելով Պաքուի հետ բանակցութիւնները ձգձգելու` Արեւմուտքը կը փորձէ գլխաւորել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ հասնիլ տարածաշրջանին մէջ սեփական «խաղաղապահ» խմբաւորումներու տեղակայման՝ իրաւապէս ՄԱԿի, իսկ իրողապէս` ՆԱԹՕական», ըսաւ Պորթնիքով:
Ան նաեւ կրկնեց զրպարտութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հետախուզական աշխատանք կը կատարէ Ռուսիոյ եւ անոր գործընկերներուն դէմ:
Ան յայտարարեց, որ «արեւմուտքը կ՛ուզէ Հայաստանը մղել դուրս գալու ՀԱՊԿէն՝ խոստանալով զէնքի արտօնեալ մատակարարումներ եւ ապահովական երաշխիքներ»: