Հայաստանի զինուած ուժերը աւարտած են փորձարկումները վեց ATAGS 155 մմ/52 տրամաչափի հրետանային կայանքներու, որոնք մատակարարուած են Հնդկաստանի կողմէ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումով՝ այս մասին կը յայտնէ Indian Defence Research Wing (IDRW) (Հնդկական Պաշտպանական Հետազօտութեան Թեւ) մասնագիտական կայքը:
Ըստ IDRW-ի աղբիւրներուն՝ հրետանային համակարգը անցած է բոլոր գործնական փորձարկումները, որոնք իրականացուած են երկրի տարբեր վայրերու մէջ: Կը նշուի, որ ATAGS 155 մմ/52 վեց հրետանային համակարգերու խմբաքանակը ծրագրաւորուած է հայերէնով՝ հայկական կողմին պահանջով:
«Բացի այդ, քանի մը այլ փոփոխութիւններ կատարուած են, որպէսզի հրետանային կայանքները յարմարեցուին հայկական զինուած ուժերու յստակ պահանջներուն: Հակառակ անոր որ հրետանային համակարգերը արդէն փորձարկուած են Հնդկաստանի մէջ, բայց անոնք երկար ատեն չէին փորձարկուած Հայաստանի պայմաններուն մէջ», աւելցուց IDRW-ը:
IDRW-ի աղբիւրները կը յայտնեն, որ այդ փորձարկումներու յաջող աւարտը Հայաստանին թոյլ տուած է սկսելու յաւելեալ 84 ATAGS հրետանային կայանքներու գնման գործընթացին՝ հնդկական «Kalyani Groups» արտադրողէն:
«ATAGS հրետանային համակարգերու ձեռքբերումը զգալիօրէն պիտի բարձրացնէ հայկական բանակին կարելիութիւնները եւ պիտի ապահովէ անոր հրետանիի կրակային հզօրութեան այդքան անհրաժեշտ աճը: Այս ժամանակակից զէնքերը կարեւոր պիտի դառնան երկրի սահմանները պաշտպանելու եւ անոր ազգային ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար», յայտնեց IDRW-ի աղբիւր մը: