Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը Իջեւան քաղաքին մէջ հիւրընկալեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գծով տնօրէն Էրիք Վեսթսթրէյտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստանի մօտ Հոլանտայի դեսպան Մարիքէ Հարիեթ Մոնրօ-Վինթըր, գրուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան «Էքս»ի էջին վրայ:
Առաքելութիւնը կը յայտնէ, որ դիտորդները հիւրերուն ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը՝ ընդգծելով մարդոց ապահովութեան նպաստելու իրենց ջանքերը: