Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանները ատրպէյճանական դատարանին հայցեր ներկայացուցին՝ պնդելով, որ Վարդանեան Պաքուի բանտին մէջ ենթարկուած է չարչարանքներու եւ զրկուած է արագ դատաքննութեան իրաւունքէն:
Գործերէն մէկը կը վերաբերի Ապրիլ 2024ին, անոր հացադուլին ընթացքին, Վարդանեանի նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին. այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ»ը:
Ըստ Վարդանեանի փաստաբաններուն՝ Վարդանեանի նկատմամբ վերաբերմունքը ատրպէյճանցի իրաւապահներուն կողմէ կարելի է որակել իբրեւ խոշտանգում:
Այսպէս, իբրեւ պատասխան Վարդանեանի հացադուլին, զայն տեղափոխած են պատժախուց, ստիպած են երկար կանգնիլ, արգելած են լոգնալ եւ երկու օր ջուր չեն տուած:
Այլ հարցով մը Վարդանեանի փաստաբանները պնդեցին, որ անոր արագ դատաքննութեան իրաւունքը խախտած է նախորդ տարիէն ի վեր բանտարկուած մնալուն գտնուելուն պատճառով:
Փաստաբանները նաեւ կոչ ուղղեցին Ատրպէյճանին՝ ազատ արձակելու բոլոր հայ բանտարկեալները մինչեւ Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք կլիմայական համաժողովին մեկնարկը: