Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Մինսքի մէջ, Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ Պելոռուսի եւ Ատրպէյճանի բարեկամութիւնը երրորդ երկրի մը դէմ չէ ուղղուած: Ըստ անոր՝ այդ բարեկամութիւնը «միջազգային իրաւունքի որեւէ սկզբունք չէ խախտած»:
«Հակառակ միջազգային մակարդակի վրայ տարատեսակ վայրիվերումներուն, դուք, ինչպէս նաեւ իմ մերձաւոր բարեկամ եւ եղբայր Իլհամ Ալիեւ պէտք է գիտնաք, որ Պելոռուսի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ փակ նիւթեր չկան», Ասատովին դիմելով՝ ըսաւ Լուքաշենքօ: