
ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
1923ին կնքուած Լօզանի պայմանագիրով, Սեւրի պայմանագիրը չեղեալ համարուեցաւ եւ խոստացուած Մեծ Քիւրտիստանը բաժանուեցաւ Թուրքիոյ, Իրաքի, Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ։
Ըստ Փարիզի Քրտական հիմնարկին, Թուրքիոյ մէջ 20 միլիոն քիւրտ կը բնակի, որոնց մեծ մասը՝ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ, ուր քիւրտերը կը կազմեն բնակչութեան 80 տոկոսը, թուրքերը՝ 12 տոկոսը, իսկ մնացեալը՝ արաբներ եւ քաղդէացիներ։
ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐԸ
Թուրք ծայրայեղ ազգայնականները (nationalists) կը պնդեն, թէ չկայ քրտական ազգայնականութիւն (nationalism) եւ չկան քիւրտեր. ըստ անոնց, քիւրտ անունով ժողովուրդ մը իր սեփական պատմութիւնն ու մշակոյթը չունի։ Այս յանկերգը նոյնքան հին է, որքան ժամանակակից թրքական հանրապետութիւնը, որ հիմնած է Քեմալ Աթաթիւրքը, եւ իրմէ առաջ ալ տարածուած էր օսմանեան թուրք մտաւորականներու կողմէ:
Աթաթիւրքը որդեգրած է այդ գաղափարը, որ տարածուած էր խումբ մը ծայրայեղական թուրք ազգայնականներու կողմէ, որոնք կը պատկանին պաշտօնական Թուրքիոյ պատմութեան հաստատութեան (Turk Tarih Kurumu), կամ խումբ մը թոշակի անցած զինուորականներու եւ քաղաքացիական պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք ծառայած են քրտական շրջաններու մէջ եւ կը պաշտպանեն այս տեսութիւնը: Աթաթիւրքը այդ գաղափարը զարգացուցած եւ իրագործած է ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ, որ ան հռչակած է 1923ի Հոկտեմբեր 29ին: Աթաթիւրքը քիւրտերուն «լեռնային թուրքեր» (Dagli Turkler) անուանած է :
1970ականներուն, բազմաթիւ հետազօտական յօդուածներ լոյս տեսած են, ուր թուրք ազգայնական մտածողները փորձած են ներկայացնել, իբրեւ թէ գիտական ապացոյցներ տարբեր քրտական ցեղերու եւ քրտական բարբառներու թրքական ծագումին մասին: Այդ նորութիւն մը չէր, այդ պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումն էր 1930ականներու սկիզբէն։ Կան խումբ մը թուրք հեղինակներ, որոնք կը պնդեն, թէ արեւելեան Թուրքիոյ բոլոր ցեղերը, ներառեալ զազաները, թուրքեր են։ Ըստ թուրքերուն, արեւմտեան երկիրները իրենք որոշած են, որ թուրքերէն տարբերուող ժողովուրդ կայ, թուրք ազգի միասնութիւնը քանդելու, քիւրտերը թուրքերէն բաժնելով եւ բոլորը ստրկացնելու նպատակով։
ՄԵԾ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐԸ
Ռուսերը, իրենց կարգին, քաղաքական նպատակներով հետաքրքրուած են քիւրտերու խնդիրով եւ այդ հետաքրքրութիւնը դարձած է քիւրտերու օգտին։
Միւս մեծ կայսրութիւններն ալ ունեցած են աշխոյժ քաղաքական գործիչներ, որոնք գրած են քիւրտերու մասին եւ ունեցած են ուղղակի կապեր քրտական ազգայնականների հետ:
ԶԻԱ ԿԷՕՔԱԼՓ
Զիա Կէօքալփ թրքական ազգայնականութեան ծայրայեղականներէն մէկն էր, թրքական ազգայնականութեան տեսաբան եւ օսմանեան ընկերաբան:
Եղած է գրող, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ Թուրանական շարժումին հայրերէն մէկը: Ան նաեւ յայտնի էր որպէս «թրքական ազգայնականութեան հայր», ընդուած էր «փանթրքական» գաղափարը եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր այդ գաղափարին։ Ան եղած է Թուրքիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ աշխատած է թրքական ազգայնականութեան գաղափարին զարգացման ուղղութեամբ: 1919ին ան իր մէկ յօդուածով յայտարարած էր, թէ թուրքերը արտասովոր մարդիկ են, եւ կոչ ըրած է թրքացնել Օսմանեան կայսրութիւնը՝ թրքերէնը եւ թրքական մշակոյթը պարտադրելով Օսմանեան կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն։
Ան կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառ դարձած գաղափարական ուժին բանալին, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայ ազգը։
1919ին ձերբակալուած է անգլիացիներուն կողմէ, իթթիհատական կառավարութեան մեծ թիւով անդամներու հետ դատապարտուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մեղադրանքով. անոնք աքսորուած են Մալթա կղզի: Երկու տարի աքսորէն ետք, վերադարձած է Պոլիս, իսկ 1923ին հրատարակած է իր յայտնի «Թրքական Ազգայնականութեան Հիմքերը» գիրքը եւ Աթաթուրքի կողմէ ընտրուած է որպէս Տիարպէքիրի Ազգային մեծ խորհուրդի ներկայացուցիչ։ Մահացած է 1924ին։
Աթաթուրքը, Կէօքալփի գաղափարներուն ազդեցութեան տակ, Թուրքիոյ բոլոր բնակչութիւնը, բացի ցեղային (էթնիկ) խումբերէն (հայերը, գնչուները եւ ուրիշներ), ծագումով թուրք կը համարէր։ Այդ դարձաւ քեմալական վարդապետութեան հիմնական սկզբունքը եւ հիմնական խնդիրներէն մէկը, որ վերապահուած էր Թուրքիոյ պատմութեան պաշտօնական հիմնարկին (Türk Tarih Kurumu), որ հիմնադրուած էր 1930ին, Աթաթուրքի նախաձեռնութեամբ, եւ նպատակ ունէր գիտական ապացոյցներ տրամադրել այն թէզի համար, որ բոլոր մեծ քաղաքակրթութիւնները, որոնք եղած են թրքական (կամ օսմանեան) հողերու վրայ, ինչպէս խեթական եւ շումերական քաղաքակրթութիւնները, հիմնուած են Կեդրոնական Ասիոյ թուրք արշաւողներու կողմէ, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տան, որ թրքական մշակոյթը ամրօրէն արմատաւորուած է տարածաշրջանին մէջ շարունակական թրքական ներկայութիւնը եղած է հազարամեակներու ընթացքին (մենք քաջ գիտենք որ թուրքերը տարածաշրջանին մէջ հազիւ 800 տարուան պատմութիւն ունին) եւ Թուրքիոյ բոլոր ժամանակակից ցեղային խումբերը նոյնպէս մաքուր թրքական ծագում ունին: Շուտով քրտական շրջանէն յայտնուեցան հեղինակներ, որոնք կը փորձէին ապացուցել, որ բոլոր քրտական ցեղերը Միջին Ասիոյ թուրքեր են։
«ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՕՋԱԽՆԵՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ» ՄԻՈՒԹԻՒՆ
1960ականներուն քիւրտերը հիմնեցին Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին արտօնագրուած քրտական միութիւնը, «Յեղափոխական մշակութային օջախներ Արեւելքի մէջ» անունով: 1967էն սկսեալ, անոնք կազմակերպեցին շարք մը հանրային հանդիպումներ, ուր անդրադարձան քիւրտերու եւ Քիւրտիստանի խնդիրներուն, ինչպէս՝ տնտեսական յետամնացութիւն, խտրականութիւն եւ մշակութային ճնշում ու քրտական զանգուածները զօրաշարժեցին (mobilized)՝ պահանջելու իրենց իրաւունքները: Աւելի ուշ, 1969ին, Անգարայի մէջ հիմնուեցաւ նոյն անունով կազմակերպութիւն մը եւ շուտով նմանատիպ կազմակերպութիւններ յաջորդեցին Պոլիսի, Տիգրանակերտի, Պաթմանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
1971ի Մարտ 12ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք, կառավարութիւնը անմիջապէս արգիլեց այդ կազմակերպութիւնը եւ անոր ղեկավարները դատապարտուեցան հակազգային գործունէութիւն տարածելու եւ անջատողականութեան մեղադրանքներով։
ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ՕՉԱԼԱՆ
1978ին, Ապտուլլահ Օչալան եւ անոր գաղափարակիցները հիմնեցին Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (PKK), որ կոչ ըրաւ Թուրքիոյ մէջ անկախ պետութիւն ստեղծելու։ Այնուհետեւ կուսակցութիւնը անցաւ զինուած հակամարտութեան, վեց տարի։ Աւելի քան 40,000 մարդ սպաննուեցաւ, որոնց մեծամասնութիւնը քրտեր էին, իսկ աւելի քան 3000 քրտական գիւղեր կործանուեցան, իսկ անոնց բնակիչները տեղափոխուեցան արեւմտեան Թուրքիա, հեռու իրենց բնիկ շրջաններէն: 1990ին PKK-ը նահանջեց անկախութեան գաղափարէն եւ պահանջեց մշակութային եւ քաղաքական իրաւունքներ ու ինքնակառավարութիւն, մինչդեռ մարտերը կը շարունակուէին: 2012ին Թուրքիոյ կառավարութեան եւ կուսակցութեան միջեւ խաղաղ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, իսկ 2013ին երկու կողմերու միջեւ հրադադար հաստատուեցաւ եւ PKK-ի մարտիկներէն պահանջուեցաւ նահանջել հիւսիսային Իրաք։ Հրադադարը վերջ գտաւ 2015ին եւ երկու կողմերու միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի մինչ օրս եւ Օչալան բանտարկուած է Թուրքիոյ մէջ։
Հակառակ կառավարութեան ճնշումին եւ կառավարութեան ու քիւրտերու միջեւ արիւնալի հակամարտութեան, քիւրտ մտաւորականները եւ կրթուած դասը շարունակեց քրտական ազգայնականութեան արմատները որոնել։ Երբ քիւրտերը սկսան ուսումնասիրել իրենց պատմութիւնը եւ գրել անոր մասին, թուրանական գաղափարը աստիճանաբար տկարացաւ եւ ընդունելի մնաց միայն թուրք աջակողմեան ազգայնական մտածողներու համար, դժբախտաբար:
1980Ի ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ
1980ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը թուրանական գաղափարին կեանքի վերադառնալու նոր հնարաւորութիւն ստեղծեց: Նախկին գիրքերուն մեծ մասը, որոնց հեղինակները կը պնդէին, թէ քիւրտերը թրքական ծագում ունին, վերահրատարակուած են եւ լոյս տեսած են որոշ թիւով նոր հրատարակութիւններ։ Այնուամենայնիւ, տասնամեակի վերջաւորութեան քրտական զինուած շարժումը եւ անոր աջակցող քաղաքացիական ուժերը այնքան ուժ ցոյց տուին, որ թուրք մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները սկսան ընդունիլ այն գաղափարը, որ «քրտական իրականութիւն» գոյութիւն ունի։ Քիւրտերն ալ աւելի հեռու գացին պնդելով որ խեթերը, որոնք տարածաշրջանի հնագոյն քաղաքակրթութիւններէն են, իրենց նախնիներն են, մինչդեռ թուրքերը կը պնդէին, որ իրենք խեթերու եւ շումերներու ժառանգորդներն են։
Ժամանակին Թուրքիոյ պատմութեան պաշտօնական շարադրանքը կը գերիշխուէր պետութեան կողմէ, եւ պատմական փաստերու սահմանումը պաշտօնական մարմիններու մենաշնորհն էր, սակայն այդ վերջ գտաւ երբ քիւրտ պատմաբանները ապացուցեցին, որ իրենց ազգը գոյութիւն ունի որպէս անկախ ժողովուրդ եւ ներկայացուցին վկայութիւններ, որոնք յաճախ կը հակասէին պետութեան պաշտօնական պնդումներուն եւ պատմութեան պաշտօնական շարադրանքին: Քիւրտ պատմաբանները կը հերքէին իրենց ազգին վրայ թրքական եւ նոյնիսկ արաբական մշակոյթի ազդեցութիւնը:
Քիւրտ մտաւորականները մեծ ջանք թափեցին իրենց ազգի պատմութիւնը գրելու համար, չնայած որ պետութիւն եւ կառավարութիւն չունին, որ հովանաւորէ նման մեծ գործ․ անոնք կրցան գրել իրենց ազգային պատմութիւնը եւ կրցան որոշ չափով մերկացնել եւ խայտառակել Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան պնդումները եւ երբեմն ալ չափազանցեցին իրենց գրութիւններուն մէջ։
ԴՈԿՏ. ՔԱՄԱԼ ՄՈՒԶՀԱՐ ԱՀՄԵՏ
Անցեալ դարու 60ական եւ 70ական թուականներուն, շարք մը Իրաքի քիւրտեր ուսանած են Խորհրդային Միութեան մէջ եւ վերադարձած Իրաք ու պատմութեան ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան ակադեմիական աւանդոյթ ստեղծած են այնտեղ:
Մեծ պատմաբան դոկտ․ Քամալ Մուզհար Ահմետ (1937-2021) Իրաքի քիւրտերու ամենայայտնի գիտնական պատմաբանն էր․ ան իր կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդին ծառայելուն, ցոյց տուաւ Քիւրտիստանի պատմութեան թաքնուած կողմը, անցեալի դարակներէն հարիւրաւոր կարեւոր փաստաթուղթեր մէջտեղ հանեց: Գիտականօրէն շտկեց եւ գնահատեց թաքնուած կողմերը այնպէս որ ժխտման տեղ չմնաց բոլոր անոնց, որոնք կը ցանկանային հասկնալ քրտական պատմութիւնը: Ան ունի բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր։
ՇՈՒԷՏԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆ ՔԻՒՐՏ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ
Շուէտի մէջ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքական փախստական քիւրտերէն, ինչպէս՝ Ռոհաթ Ակում եւ Մուհամմատ Ուզուն եւ ուրիշներ, որոնք 1990ականներուն ուսանած եւ զարգացած են, անցան քիւրտերու պատմութիւնը գրելու գործին:
Ակադեմիական քիւրդ պատմաբաններուն թիւը այսօր սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ հասած է մակարդակի մը, ուր անոնք կրնան պաշտպանել իրենց պատմութիւնը։