Լոս Անճելըսի Միացեալ հայ ժողովական եկեղեցւոյ (UACC) տարեկան 61րդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 3 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Universal Sheraton պանդոկին Starlight սրահին մէջ:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսներն են՝ Էնտի եւ Հայտ Թորոսեանները, իսկ գեղարուեստական բաժինին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Կրեկ Հօշարեանի համոյթը։
Տեղեր ապահովելու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել (213) 509-4337 եւ (310) 626-5712 թիւերուն կամ այցելել uaccchurch.org կայքը։