Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամէտ Ռեզա Արեֆի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներու վերջին զարգացումներուն:
Խօսելով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերող Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ անոր սկզբունքներուն` Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է գերիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ ապաշրջափակումով նպաստել շահագրգիռ պետութիւններու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:
Փաշինեան բարձր գնահատեց Իրանի սկզբունքային եւ հրապարակային դիրքորոշումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետական սահմաններու անքակտելիութեան վերաբերեալ:
Արեֆի անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Իրան բոլորովին կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անընդունելի կը համարէ տարածաշրջանին մէջ որեւէ սահմանային փոփոխութիւն: Նոյն ատեն, ան ընդգծեց Հայաստանի հետ բազմաոլորտ համագործակցութեան՝ Իրանի նպատակադրումը եւ պատրաստակամութիւնը: