Միացեալ Նահանգերու Արեւմտեան Շրջանի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ թեմիս առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն՝ Համազգայինի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան, մնայուն ուշադրութեան, բարոյական եւ նիւթական նեցուկին համար:
Համազգայինը երկար տարիներ վայելած է Ազգային առաջնորդարանի զօրակցութիւնը, յատկապէս թեմի նախկին առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի տարիներէն սկսեալ, ինչպէս՝ Համազգայինի «Ֆորումի« ծրագիրին, «Նայիրեան» երգչախումբին, Կոմիտասի նուիրուած գրքոյկի հրատարակութեան եւ այլ ծրագիրներու, այլեւ շրջանիս մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55ամեակին առիթով իր բերած 10,000 տոլար մեծագումար նուիրատուութեամբ:
Մեծ գոհունակութեամբ կ՛ուզենք արձանագրել, որ Ազգային առաջնորդարանին ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը իր զենիթին հասաւ այս տարի, թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան կողմէ 25,000 տոլարի նորագոյն զօրակցութեամբ, ի նպաստ Համազգայինի սեփական կեդրոնի ծրագիրին:
Արդարեւ, Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը եւ Շրջանայինի նախորդ կազմի ատենապետուհին առաջնորդ սրբազան հօր տուած իրենց վերջին այցելութեան ընթացքին նորոգ կամքով զօրացան եւ լիցքաւորուեցան առաջնորդին խրախուսական եւ քաջալերական յորդորներէն, երբ ան կոչ ուղղեց՝ յայտնելով. «Ա՛լ Ժամանակն է հայահոծ այս գաղութին մէջ՝ անվհատ, այլեւ ի գործ դրած իր ջանքերուն եւ ուժերուն գերլարումովն իսկ Համազգայինը առաջ նետուի եւ հաւաքական զօրակցութեամբ իրականացնէ մշակութային կեդրոնի մը գնման ծրագիրը, աւելի եւս բարգաւաճի եւ հայկական շունչով լեցնէ գաղութի ներքին կեանքը»:
Խօսքէն գործի անցնելու՝ առաջնորդին պատգամը վստահ ենք, որ զինք լսող ականջներ պիտի գտնէ եւ Համազգայինը՝ 56 տարիներու իր հարուստ վաստակով, «Մենք յաւերժ ենք մեր մշակոյթով» սկզբունքին եւ իր մշակութանուէր առաքելութեան հաւատարիմ արդէն իսկ իր երազի իրականացման ճամբուն վրայ գործնական առաջին քայլը առած է Կլենտէյլի Canada փողոցին վրայ կեդրոնը գնելու համար:
Համազգայինը լիայոյս է, որ վերջապէս պիտի իրականանայ իր երազը՝ միասնական ջանքերով:
Շնորհակալ ենք սրբազան հայր ձեզի եւ Ազգային վարչութեան:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ