Յաջորդական 8 օրեր Լիբանանի տարածքին բազմաթիւ թիրախներ հարուածելէ, առաւել քան 1000 զոհեր պատճառելէ եւ աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցիներ տեղահան ընելէ ետք, իսրայէլեան ցամաքային ուժերը Երեքշաբթի օր ներխուժեցին հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններ՝ պնդելով, որ գործողութիւնը «սահմանափակ» պիտի ըլլայ եւ նպատակ ունի «Հըզպալլա»ն տկարացնելու գործողութիւնը մօտացնելու իր աւարտին:
Ներխուժումէն քանի մը ժամ առաջ, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Որեւէ կարելիութիւն պիտի դիմակայենք, եւ պատրաստ ենք, եթէ իսրայէլացիները որոշեն ցամաքէն մուտք գործել: Դիմադրութեան ուժերը պատրաստ են ցամաքային ճակատումին, պատրաստուեցան եւ Աստուծոյ վստահելով վստահ ենք, որ իսրայէլեան թշնամին պիտի չիրագործէ իր նպատակները, եւ յաղթական դուրս պիտի գանք»:
Իսրայէլեան ներխուժումին զուգահեռ, իսրայէլեան օդուժը Երեքշաբթիի կանուխ ժամերուն ծանրօրէն ռմբակոծեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող քանի մը շէնքեր, որ ըստ Իսրայէլի, «Հըզպալլա»ի կեդրոններ էին։
«Հըզպալլա»ի զինեալները շարունակեցին հրթիռներ արձակել Իսրայէլի ուղղութեամբ, սակայն անոնց մեծ մասը չէզոքացան իսրայէլեան հակաօդային հրթիռներու կողմէ։

Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը Երկուշաբթի օր յարձակեցաւ Պէյրութի Քոլա շրջանին վրայ: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը յայտարարեց, որ յարձակումին պատճառով իր ղեկավարներէն երեքը մահացան:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Սուրի պաղեստինեան գաղթակայանին վրայ: «Համաս» շարժումը յայտարարեց, որ յարձակումին պատճառով մահացած է Լիբանանի մէջ շարժումի ղեկավար Ֆաթհ Շարիֆ Ապուլամին:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Սուրիոյ հետ Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցակէտին վրայ, սպաննելով «Հըզպալլա»ի փոխադրական հարցերու պատասխանատուն եւ անոր վարորդը:
Վերջապէս, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, թէ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու միակ ուղին «Հըզպալլա»ն Լիթանի գետէն հիւսիս տեղափոխելը եւ զայն ապազինելն է: