Պօղոս Արմենակ Լագիսեան ծնած է 27 Հոկտեմբեր 1924ին, Մուսա լերան Եօղունօլուք գիւղը: 1938ին ուսումնառութեան մեկնած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, որուն լրիւ դասընթացքը աւարտելով՝ շրջանաւարտ եղած է 1945ին: Նոյն թուականին ան վերադարձած է Լիբանան՝ Այնճար բնակավայրը գաղթած ծնողներուն քով:
1947ին Պօղոս Լագիսեան իր ծնողներուն հետ ներգաղթած է Հայաստան: Ան իր բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Երեւանի Տնտեսագիտութեան համալսրարանին մէջ, ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (M.A.): Միաժամանակ ան դասախօսած է նոյն համալսարանին մէջ:
1949ին ան կ՛ամուսնանայ մելգոնեանցի իր դասընկերուհիին՝ Անժելա Արշամի Դաւիթեանի (Ժամկոչեան) հետ, բախտաւորուելով մէկ մանչ զաւակով եւ երկու դուստրերով:
1990ին, ան իր ընտանիքին հետ բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, շարունակելով իր աշխատանքային եւ գրական գործունէութիւնը: Իր բազմաթիւ ձեռքբերումներուն արդիւնքն են հրատարակած վեց հատորները, որոնք սերտօրէն առնչութիւն ունին անոր ծննդավայրին հետ:
Պօղոս Արմենակ Լագիսեան մնայուն աշխատակիցը հանդիսացաւ Լոս Անճելըսի հայ մամուլին, մասնաւորաբար ստորագրելով «Մասիս», «Նոր Օր», «Նոր Կեանք», «Ասպարէզ» եւ «Մոլորակ» թերթերուն մէջ: