Կիրակի, 22 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Փրկենք հայկական ժառանգութիւնը – Արցախը» խորագիրով յուշ երեկոն՝ իբրեւ եզրափակում Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ Արցախի նուիրուած ձեռնարկներուն, կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան, Արցախի Հայ առաքելական թեմի, յանձին` Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ «Մունք» գերմանական կազմակերպութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ Այլին Պերտուտ Մորէնոյի։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ արմատներով արցախցի Լուիզա Օհանէսեանի հայկական նազ պարով, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցի, ուր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակցողներուն եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց ոգեկոչման շարժառիթը, Ատրպէյճանի կողմէ վերջին 4 տարիներուն իրականացած յարձակումներուն եւ պատերազմներուն պատճառով Արցախի կորուստը եւ անոր հայաթափումը, հազարաւոր հայ երիտադարդներու նահատակութիւնը, հոգեւոր եւ մշակութային սրբատեղիներու եւ յուշակոթողներու անհետացման սպառնալիքը եւ ոմանց հիմնայատակ կործանումը, այս բոլորը քաղաքակիրթ սեպուած եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան հանդիսացող երկիրներու աչքին դիմաց։

Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան տուաւ իր վկայութիւնը՝ ներկայացնելով Արցախի աղէտը եւ ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միջոցառումներու այս շարքը հնարաւորութիւն կու տայ անգամ մը եւս քրիստոնէական աշխարհը իրազեկ դարձնելու Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղային եւ մշակութային ցեղասպանութեան մասին։ Ան նշեց, որ Արցախի վրայ յարձակումէն ընդամէնը տարի մը ետք, Ատրպէյճան արդէն ոչնչացուցած է հայկական մշակութային յուշարձաններուն առաւել քան 15 տոկոսը։
Այլին Մելքոմեանց շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան՝ այս կարեւոր միջոցառումը հիւրընկալելուն համար։
Արցախահայութեան ցեղային զտման յիշատակման առաջին տարուան ձեռնարկները ծրագրելու ընթացքին, խորհուրդներով եւ աջակցութեամբ իր հետ կապ հաստատեցին բազմաթիւ հին եւ նոր ընկերներ։ Այդ ընկերներէն մէկն էր Լուիս Մորենօ Օքամփօ։ Երկու բաց նամակներով Օքամփօ հայերուն ընդհանուր կոչ ըրած էր` Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29 վեհաժողովի ծիրին մէջ, յստակ ձայն բարձրացնել Արցախի հայերու ցեղասպանութեան մասին:
Գանատայէն Վենետիկ ժամանած Մխիթարեանի նախկին սան Յարութիւն Մարտիրոսեան իր սրտի խօսքը արտասանեց՝ իբրեւ Ցեղասպանութիւնէն վերապրած ընտանիքի շառաւիղ։
Հանդիսութիւնը կ՛ընդգրկէր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Երեկոն աւարտին հասաւ Արմաւիրի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Սիոն եպս. Ադամեանի եզըափակիչ խօսքով ու «Պահպանիչ» աղօթքով։