
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրութեան համար, պէտք է կատարուի հանրաքուէ մը, որուն ընթացքին հայերը ցոյց պիտի տան, որ չեն պաշտպաներ Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւնները: Այս մասին, ըստ «Թասս»ի, La Repubblica թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, պետութեան ղեկավարի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:
Ըստ անոր` Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, որ կասկածի տակ կը դնէ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը», խոչընդոտ կը նկատէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրին հասնելու համար:
«Մենք առաւել քան երբեք մօտեցած ենք խաղաղութեան, բայց կը մնան խոչընդոտներ, որոնք թոյլ չեն տար յառաջ անցնելու, եւ առաջինը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է, որ անկախութեան հաստատման մասին մէջ կը նշէ Հայաստանի վերամիաւորումը Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական տարածքներու հետ: Մենք կը փափաքինք խաղաղութեան հասնել ոչ միայն Հայաստանի կառավարութեան, այլ նաեւ երկրի ժողովուրդին հետ, որ պէտք է պահանջէ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէ` հրաժարելով ատրպէյճանական տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւններէն», ըսաւ Հաճիեւ։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի համար «լաւագոյն լուծումը» պիտի ըլլայ ռազմական չէզոքութիւնը, ոչ թէ Ատրպէյճանի դէմ ռազմական դաշինքներու ստեղծումը։
Ըստ Հաճիեւի՝ Հայաստանի ռազմականացումը պէտք է իրականացուի «պատասխանատու ձեւով եւ համաչափ», մինչդեռ Պաքու, ըստ անոր, ինքնապաշտպանուելու իրաւունք ունի:
Հաճիեւ յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են Երեւանի՝ Ֆրանսայէն հեռահար հրթիռներ գնելու քայլին գծով։
Ան դիտել տուաւ, որ փորձեր կը տեսնեն արեւմտեան որոշ երկիրներու, որոնց կարգին Ֆրանսայի կողմէ «սխալմամբ աջակցելու Հայաստանի վրէժխնդրական նկրտումներուն»:
«Ասիկա հակաարդիւնաւէտ է ամբողջ Եւրոպայի համար», ըսաւ Հաճիեւ։