Ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան` Սահմանադրութեան հակասող համաձայնագիրները կարելի չէ վաւերացնել։ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` նկատել տալով, որ Ատրպէյճանի հետ Խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելէ ետք Հայաստան զայն պիտի ուղարկէ Սահմանադրական դատարան, որպէսզի վերջինս ուսումնասիրէ անոր համապատասխանութիւնը Հայաստանի Սահմանադրութեան:
«Եթէ մեր Սահմանադրական դատարանը կ՛որոշի, որ Ադրբեջանի հետ Խաղաղութեան պայմանագիրը հակասում է Հայաստանի Սահմանադրութեանը (թէեւ մեր փորձագէտները վստահեցնում են, որ դա հաւանական չէ), այդ ժամանակ մենք կը կանգնենք կոնկրետ (յստակ) իրավիճակի առաջ, որում սահմանադրական փոփոխութիւններ անհրաժեշտ կը լինեն խաղաղութեան հասնելու համար», ըսաւ ան։
Փաշինեան նոյն ատեն նշեց, որ, եթէ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշէ, որ պայմանագիրը կը համապատասխանէ Հայաստանի Սահմանադրութեան, այդ պարագային զայն խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու խոչընդոտ չ՛ըլլար:
Վկայակոչելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 5րդ յօդուածի 3րդ կէտը`Փաշինեան ընդգծեց, որ վաւերացուած միջազգային պայմանագիրները ունին գերակայութիւն Հայաստանի ներքին օրէնսդրութեան նկատմամբ, հետեւաբար, Ատրպէյճանի հետ Խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութենէն եւ վաւերացումէն ետք, եթէ նոյնիսկ ըլլան տեսականօրէն օրէնքներ, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ իբրեւ տարածքային յաւակնութիւններ, այդ օրէնքները ստորադաս պիտի ըլլան Հայաստան-Ատրպէյճան Խաղաղութեան պայմանագիրին եւ ինքնաբերաբար չեն ունենար իրաւական ուժ: Նոյն տրամաբանութիւնը, ըստ Փաշինեանի, ի զօրու է Ատրպէյճանի պարագային:
«Ահա տեսնում էք, որ խաղաղութիւնն այնքան մօտ է եւ մեզ հարկաւոր է ընդամէնը ձեռքը մեկնել եւ վերցնել այն: Դա հեշտ չէ ո՛չ Ադրբեջանի, ո՛չ Հայաստանի համար, որովհետեւ մեզնից իւրաքանչիւրն ունի իր ճշմարտութիւնը, եւ այդ ճշմարտութիւնների շուրջ բանավէճը բերել է թշնամութեան, զոհերի, պատերազմների: Ցաւը շատ խորն է եւ մեծ: Բայց հիմա մենք պիտի կենտրոնանանք խաղաղութեան վրայ, որովհետեւ խաղաղութիւնն է միակ ճշմարտութիւնը, որը հասկանալի է թէ՛ Ադրբեջանի եւ թէ Հայաստանի ժողովուրդներին: Այդ ճշմարտութիւնը կբացի բոլորիս աչքերը, կը փակի թշնամութեան աղբիւրները եւ բոլորիս հայեացքները կ՛ուղղի դէպի ապագայ», յայտարարեց Փաշինեան։
Ըստ անոր` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը կը գտնուի «ձեռքը պարզելու հեռաւորութեան վրայ»:
Փաշինեան վերահաստատեց, որ նշուած պայմանագիրին առնուազն 80 տոկոսը համաձայնեցուած է` դարձեալ առաջարկելով առնել, ինչը արդէն համաձայնեցուած է համաձայնագիրի նախագիծին մէջ, ստորագրել զայն, ունենալ խաղաղութեան համաձայնագիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այնուհետեւ շարունակել մնացած հարցերուն շուրջ բանակցութիւնները` «այս պատմական հնարաւորութիւնից օգտուելու եւ փակուղի մտնելու վտանգից խուսափելու համար»:
«Մենք պատրաստ ենք դա անել հէնց հիմա», յայտարարեց Փաշինեան։