Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին 17 Սեպտեմբերին այցելեց Հայաստան-Իրան սահմանը, ուր տեղակայուած է Ռուսիոյ 127րդ սահմանապահ ջոկատը:
Քոփիրքին եւ անոր ընկերակցողները դիմաւորեց ջոկատի ղեկավար, գնդապետ Ա. Շչերփաքով, ար այցելուներուն ներկայացուց զօրամասին պատմութիւնը, որ յաջորդ տարի պիտի նշէ իր 70ամեակը:
Ան նաեւ ներկայացուց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող իրավիճակը եւ անդրադարձաւ ջոկատին այս տարուան գործնական եւ ծառայողական գործունէութեան կարեւոր արդիւնքներուն, որոնց կարգին են բուսական ծագումով թմրամիջոցներու մեծ խմբաքանակի մը գրաւումը եւ Ագարակի անցակէտին մէջ պետական սահմանախախտներու բազմաթիւ ձերբակալութիւնները: