Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցով մանրամասնութիւններ տուաւ օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին մասին։
Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան՝ Պլինքըն վերահաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը:
«Նախարար Պլինքըն ողջունեց կողմերուն միջեւ վերջին յառաջընթացը, ներառեալ՝ սահմանազատման կանոնակարգին շուրջ համաձայնագիրը: Պլինքըն եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ընդլայնող յարաբերութիւնները` ներառեալ համագործակցութիւնը ուժանիւթի, առեւտուրի եւ ներդրումներու եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ: Նախարարը վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը շարունակական ջանքերուն` աջակցելու բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ ինքնիշխան Հայաստանին, ինչ որ շահաւէտ է թէ՛ Հայաստանի ժողովուրդին եւ թէ աւելի լայն Կովկասի տարածաշրջանին համար», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: