14 Սեպտեմբերին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Էջմիածինի մէջ ընդունեց Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն եւ «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» կազմակերպութեան անդամները` Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս.Մանուկեանի ընկերակցութեամբ:
Ողջունելով նախկին դատախազին այցելութիւնը հայոց հոգեւոր կեդրոնը` կաթողիկոսը տեղեկութիւններ փոխանցեց Էջմիածինի` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին:
Հանդիպումին ընթացքին, Գարեգին Բ.ը գնահատեց Օքամփոն՝ միջազգային զանազան ատեաններու մէջ հայ ժողովուրդին եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտաման եւ գերիներու վերադարձին մէջ ներդրած ջանքերուն համար:
Խօսելով երկրին դիմաց ծառացած ապահովական հարցերուն մասին` կաթողիկոսը իր մտահոգութիւնները յայտնեց` ընդգծելով, որ եկեղեցին մնայուն կերպով իր կարելի նպաստը կը բերէ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, արցախահայերու հոգեւոր եւ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման ու անոնց ապահով ապագայի կերտման վերաբերող ջանքերուն: Յիշեալ հարցերուն ամբողջական լուծման նպատակով, կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց թէ՛ միջազգային հանրութեան գործուն աջակցութիւնը եւ թէ Օքամփոյի ծաւալած գործունէութիւնը՝ ի խնդիր արդարութեան հաստաման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Իր կարգին Լուիս Մորենօ Օքամփօ կաթողիկոսին ներկայացուց իր մտածումները եւ նախաձեռնած գործողութիւնները Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքները ազատագրելու, Արցախի մէջ գործադրուած ցեղային զտումներուն մասին բարձրաձայնելու, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու ուղղութեամբ` ընդգծելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու գործնական կիրարկման անհրաժեշտութիւնը: Այս գծով Օքամփօ կարեւոր նկատեց աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը՝ այդ սկզբունքները կեանքի կոչելու նպատակով:
Օքամփօ անդրադարձաւ նաեւ հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան՝ տեղահանուած արցախահայերու հոգեւոր առաջնորդութեան, անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիները վերադարձնելու ուղղութեամբ: