ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- 13 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Շաթնէ-Մալապրիի մէջ (O-տը-Սէն – 92) տեղի ունեցաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան երկրորդական վարժարանի անուանակոչութեան արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Քարլ Սեկոյի եւ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի, ներկայութեամբ՝ O-տը-Սէնի նահանգապետ Ժորժ Սիֆրետիի, Անթոնի-Պուլոնյի փոխնահանգապետ Պընուա Թրեվիզանիի, Վերսայլի ակադեմիոյ տեսուչ Էթիէն Շամփիոնի, Օ-տը-Սէնի ծերակուտական Փիեռ Ուզուլիասի եւ բազմաթիւ այլ ընտրեալներու:

Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Դպրոցասէր վարժարանի պատուիրակութիւնը տնօրէն Հայկ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահ Վալերի Փեքրէսի եւ Շամփիոնի կողմէ։
Ծերակուտական Ուզուլիաս այս առիթով գրած է հետեւեալը. «Շաթնէ-Մալապրիի երկրորդական վարժարանը այժմ կը կրէ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունը։ Անիկա կը գտնուի քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ այն վայրէն, ուր Միսաքը ապրած է երկու տարիներ։ Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքապետին, քաղաքային խորհուրդին եւ ամբողջ կրթական կազմին՝ այս ընտրութեան համար. Փանթէոնէն ետք՝ Մանուշեանները մուտք կը գործեն հանրապետութեան այլ տաճար մը՝ հանրային երկրորդական վարժարան մը, ծառայելու աշակերտներու հորիզոնի ընդլայնման»: