Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով լիւքսամպուրկցի իր պաշտօնակից Էկզսաւիէ Պեթելի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի օրէնսդրական արձանագրութիւններուն մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները եւ այդ երկրին աճող ռազմականացումը տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան գործընթացին սպառնացող հիմնական գործօններն են։
Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան` ան Պեթելին ներկայացուց Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացն եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը:
Երեւան եւ Պաքուն յայտարարած էին, որ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ 80 տոկոսին գծով ընդհանուր յայտարարի հասած են։
Քանի մը օր առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց խաղաղութեան պայմանագիրին ցարդ համաձայնեցուած բովանդակութիւնը ստորագրելու, չհամաձայնեցուած հարցերը ապագային ձգելու պատրաստակամութիւնը: Փաշինեանի այս առաջարկը Պաքուի կողմէ անընդունելի նկատուեցաւ։ Ատրպէյճան Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը պայմանագիրը ստորագրելու նախապայման կը նկատէ, իսկ Հայաստան Պաքուի այս պահանջը իր ներքին գործերուն միջամտելու փորձ կը նկատէ: