
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, իր՝ «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակը պիտի շնորհէ հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին, իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ Հայկական Հարցին անոր մատուցած երկար տարիներու սպասարկութիւններուն։
Էշու վերջերս յայտարարեց, թէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներու ծառայութենէն ետք, որոշած է հանգստեան կոչուիլ։ Հայանպաստ անոր բազմաթիւ քայլերուն կողքին, յատկանշական են նաեւ մարդկային իրաւանց, ազգային ապահովութեան, կրութեան եւ այլ մարզերու մէջ անոր սպասարկութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 2022ին, Էշու մաս կազմած էր քոնկրեսական այն բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ Ատրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն ենթարկուած Արցախին եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Երեւան այցելած էր։
Քոնկրեսական Էշու ծնած է Քընեթիքեթ ։ Անոր մայրը նախ Իրաք, ապա Միացեալ Նահանգներ ապաստանած հայուհի մըն էր, իսկ հայրը՝ ասորի։ Ան աւելի ուշ Քալիֆորնիա փոխադրուած է եւ 1978էն 1982ին եղած է Դեմոկրատ կուսակցութեան Սան Մաթէոյի մասնաճիւղի ատենապետը, իսկ անկէ ետք, տասնամեակ մը ծառայած է Սան Մաթէոյի վերահսկիչներու խորհուրդին մէջ եւ 1986ին եղած է խորհուրդին նախագահը։
Ան առաջին անդամ 1992ին ընտրուած է Ներկայացուցիչներու տան անդամ, հասնելով շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններու։ Ան հովանաւորած կամ զօրակցած է շարք մը բանաձեւերու եւ առաջարկներու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայաստանի եւ Արցախի զօրակցութեան կամ Ատրպէյճանի բռնարարքները դատապարտելու նպատակով։ Միայն անցեալ տարի, ան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման նպաստող քոնկրեսական ծրագիրի մը առաջարկը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։
Տեղեր ապահովելու, հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել կայքէջը։